ՓԱՐԻԶ.- Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոն պիտի մասնակցի Ֆրանսայի հայկական կազմակերպութիւններու համակարգման խորհուրդին (CCAF) կողմէ կազմակերպուող տարեկան ձեռնարկին:
Ճաշկերոյթը տեղի պիտի ունենայ Յունուար 30ին, Փարիզի մէջ:
Խորհուրդը կը միաւորէ Ֆրանսայի մէջ հայկական համայնքի քաղաքական, մշակութային, կրթական, կրօնական ու ընկերային մեծագոյն կազմակերպութիւնները:
Համակարգող խորհուրդի հիմնական նպատակն է համակարգել ներհամայնքային գործունէութիւնը, պայքարիլ Հայոց Ցեղասպանութեան ժխտողականութեան դէմ, պաշտպանել Ֆրանսայի հայկական համայնքի շահերը եւ ներկայացնել միասնական տեսակէտ՝ հանրային քաղաքականութեան կարեւոր հարցերուն մասին:
Նշենք, որ CCAF-ի 2017ի ընթրիքին մասնակցած էր այդ օրերու Ֆրանսայի նախագահ Ֆրանսուա Հոլանտ: