ԵՐԵՒԱՆ.- Հայաստանի վարչապետ Կարէն Կարապետեան 1988 թուականի երկրաշարժի 29րդ տարելիցին առիթով այցելեց Գիւմրի: Ան ծաղիկներ զետեղեց Գիւմրիի Սուրբ Ամենափրկիչ եկեղեցւոյ մէջ տեղադրուած 1988ի երկրաշարժի զոհերու յիշատակը յաւերժացնող յուշարձանին եւ մասնակցեցաւ պատարագին:
«Մենք ամէն օր պէտք է աշխատենք, որպէսզի կեանքը այստեղ փոխուի: Այն խնդիրները, որոնք այսօր Գիւմրին, մեր ժողովուրդը ունեն՝ յաղթահարելի են, ուղղակի պէտք է լաւատեսութեամբ նայել ապագային եւ աշխատել»,- ըսած է Կարապետեան:
Կառավարութեան ղեկավարը ընդգծեց, որ Գիւմրիի հետ կապուած համալիր ծրագիր կ՛իրականացուի եւ քաղաքին մէջ կեանքի որակը սկզբունքօրէն պիտի փոխուի: