ՀՐԱԿ ՓԱՓԱԶԵԱՆ
88ի երկրաշարժի տարեդարձը այս տարի եւս սփիւռքեան որոշ մամուլի մէջ կը նշուի նոյն ձեւով: Աւերուածութեան չափն ու մահերու թիւը հաշուող յօդուածներ, եկեղեցական զանգերու ձայնով ռատիոյի վրայ յարգանքի տուրքեր. դպրոցներու մէջ աւերումը ցոյց տուող նկարներ այս տարի ալ ցուցադրուեցա՞ն, այնպէս ինչպէս կ՛ըլլար երբ ես երեխայ էի՝ չեմ գիտեր:
Անկախ վերոյիշեալին հասարակական հոգեբանութեան եւ ինքնութեան վրայ ունեցած ժխտական ազդեցութենէն – կարծես ողբերգական դրուագներու պակասը ունենայինք – ինքզինք կը պարտադրէ հարցում մը. այս հանրայնացուող յիշատակումը ի՞նչ կը նպատակադրէ:
Թէեւ հաւանաբար ոչինչ, եւ ասիկա պարզապէս հռետորաբանական պակասը լեցնելու աւանդական դարձած ձեւ մըն է, այնուամենայնիւ կրնայ «Հայրենիքի հետ կապ» պատասխանը տրուիլ:
Եթէ անպայման կ՛ուզուի մարդկային աղէտի այդ դէպքը օգտագործել Հայաստանի հետ կապ ստեղծելու նպատակով, ապա ամէնէն առողջ ձեւը պիտի ըլլար նշելը, օրինակ, որ աղէտէն 29 տարիներ ետք, Հայաստանի իրերայաջորդ իշխանութիւնները տակաւին չե՛ն յաջողած վերացնել անոր ամէնէն տարրական հետեւանքները, եւ հազարաւոր գիւմրեցիներ տակաւին կ՛ապրին դոմիկներու մէջ, մինչ հանրային հարստութիւնը գրպանած իշխանաւորներ կը կառուցեն իրենց ոսկեզօծ վիլլաները:
Թող ա՛յս եւ նման երեւոյթներու մասին խօսուի Սփիւռքի մէջ:
Երկրաշարժը չի կրնար փոխուիլ. միւս երեւոյթը կրնայ:
Երկրաշարժի մասին լսող պատանին անզօր է եւ չի հասկնար թէ ինչո՞ւ կապուի Հայաստանի հետ:
Անարդարութեան մասին լսող պատանին պիտի ունենայ Հայաստանի հետ կապուելու մարդկային պատճառ, պատասխանատուութեան զգացում եւ իր ներդրումով բան փոխելու ցանկութիւն, կամք եւ ինքնարժեւորման միջոց:
Shad shidag es unger Papazian. Kamuh kloukhen zargir. Payts mdig unoghuh ov eh? Iprev azkayin kordzich, ayn jamangneroun shad paner urink okdagar hantisanaloo hamar yergrasharjen daraboghneroon. Payts minchev ayn aden vor martig gan vor madernin meghri dagarin mech guh khoten, yev asonk chen trsevorvir ar hasarag untvuzatsogh anhadneroo, marminneroo yev gazmagerboutyounneroo goghmeh, de facto pan muh bidi chi pokhvi.