ԵՐԵՒԱՆ.- Հինգշաբթի, 7 Դեկտեմբերին, կառավարութեան նիստէն ետք, արտաքին գործոց փոխնախարար Շաւարշ Քոչարեան անդրադարձաւ խորհրդարանի անդամ Սասուն Միքայէլեանի կողմէ հնչեցուցած հարցին, ըստ որուն՝ Մոսկուայի օդակայանին մէջ, Հայաստանի Ազգային ժողովի նախագահ Արա Բաբլոյեան մանրակրկիտ ստուգման ենթարկած են, պահանջելով նաեւ հանել գօտին:
»Այդ մասին յատուկ համաձայնագիր չկայ, բայց մենք այդ հարցին ուշադրութիւն դարձնելու ենք, որովհետեւ ընդհանուր առմամբ պետութիւնների միջեւ պէտք է գործի փոխգործակցութեան սկզ-բունքը՝ անկախ նրանից՝ կայ համաձայնութիւն, թէ ոչ«, ըսաւ Շաւարշ Քոչարեան՝ խուսափելով գնահատական տալէ մեր պետութեան հանդէպ վիրաւորական ու իսկապէս ամօթալի այս վերաբերմունքին համար: