ՊՈԼԻՍ, «Ակօս».- Այս շաբաթ Պոլսոյ 14րդ եղեռնադատ ատեանին մէջ շարունակուեցաւ Հրանդ Տինքի սպանութեան հերթական դատավարութիւնը: Այս նիստին ներկայ գտնուեցան ձերբակալեալ եւ ոչ ձերբակալեալ ամբաստանեալներ եւ իրաւապաշտպաններ: Դատավարութեան թղթածրարը կ՛ընդգրկէր 85 ամբաստանեալ, որոնցմէ 16ը ձերբակալուած վիճակի մէջ կը դատուին:
Ամբաստանեալները կը մեղադրուին ոճիրէն առաջ այս մասին կատարուած նախապատրաստութիւններէն տեղեակ ըլլալով հանդերձ՝ ոչ մէկ կանխամիջոցի դիմելու մեղադրանքով: Նշենք, որ այստեղ մեղադրուած ոստիկանութեան պաշտօնատարները նաեւ կը մեղադրուին Կիւլենի շարժումին անդամակցութեամբ:
Դեկտեմբեր 5ի նիստին, Տրապիզոնի ոստիկան՝ զօրաց նախկին հրամանատար գնդապետ Ալի Էօզ ինքզինք պաշտպանեց ըսելով, որ չի յիշեր Հրանդի սպանութեան մասին իրեն ուղղուած զգուշացումները: «Ո՛չ Տինքը կը ճանչնամ, ո՛չ ալ իր թերթին մասին լսած եմ: Նոյնպէս չեմ ճանչնար Եասին Հայալը եւ միւսները: Տինքի սպանութեան մասին տեղեկութիւն ունենալու մասին պնդող անձնակազմի անդամները նաեւ կը պնդեն, որ այդ տեղեկութիւնները փոխանցած են իրենց հրամանատարներուն: Պէտք էր որ տեղեկագիր պատրաստէին եւ փոխանցէին իրենց պետերուն: Այդ գործերը մասնաճիւղի պարտականութիւններն են: Մասնաճիւղը անո՛ր համար է: Իմ յանցանքը այն է, որ պէտք եղածէն աւելի վստահած եմ մասնաճիւղին: Ստուգումի մէջ թերացած եմ: Յետին նպատակ չեն ունեցած, բայց այդ տեղեկութիւնները գործադրութեան չդրուելով՝ ոճիրը իրականացած է», ըսաւ ան:
Իսկ Դեկտեմբեր 4ի դատավարութեան, դարձեալ Տրապիզոնի ոստիկան զօրաց հրամանատարութեան անձնակազմէն Էրկիւն Եորուլմազ պնդեց, որ Տրապիզոնի Մաչքա գաւառին մէջ պատահած դէպքի մը մասնակցած փախստականը ձերբակալելու համար եկած էին Պոլիս՝ մերժելով Հրանդ Տինքի բնակարանին մօտ ստուգումներ կատարած ըլլալու մասին իրեն ուղղուած մեղադրանքը:
Միւս կողմէ Տրապիզոնի ոստիկան զօրաց լրաքաղութեան բաժինի տնօրէն Մեթին Եըլտըզը, այս հարցին մէջ թերացումով մեղադրեց գնդապետ Էօզը՝ պնդելով, որ վերջինս անփոյթ մնացած է Եըլտըզի կողմէ փոխանցուած լրատուութեան հանդէպ: Ան աւելցուց, որ Պոլսոյ ոստիկանութիւնը եւս տեղեկութիւն ունէր Տինքը սպաննելու ծրագիրին մասին, սակայն ձեռնածալ մնացած է։