ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ.- Սպիտակի երկրաշարժի 29րդ տարելիցին առիթով՝ Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան 7 Դեկտեմբերին հանրապետութեան բարձրաստիճան ղեկավարութեան ուղեկցութեամբ այցելեց Ստեփանակերտի յուշահամալիր եւ ծաղկեպսակ զետեղեց երկրաշարժի անմեղ զոհերու յիշատակը յաւերժացնող յուշակոթողին:
Յուշահամալիր այցելեցին նաեւ Ազգային ժողովի նախագահ Աշոտ Ղուլեան, պետական նախարար Արայիկ Յարութիւնեան, այլ պաշտօնատար անձեր, մտաւորականներ, տարբեր գերատեսչութիւններու, կազմակերպութիւններու եւ կրթական հաստատութիւններու անձնակազմեր:
Արցախի թեմի առաջնորդ Պարգեւ արք. Մարտիրոսեանի հանդիսապետութեամբ տեղի ունեցաւ երկրաշարժի զոհերուն նուիրուած ոգեկոչման եւ հոգեհանգստեան արարողութիւն: