ՆԻՒ ԵՈՐՔ.- «Թայմ» թերթի խմբագրութիւնը իր «Տարուան Անձնաւորութիւնը» հռչակեց սեռային բռնութեանց դէմ բողոքողները, որոնք միաւորուած էին «Նոյնպէս ե՛ս» արշաւով։ Այս արշաւին մասնակիցները ուշադրութիւն հրաւիրեցին քաղաքական, ժամանցի եւ հասարակական կեանքի զանազան ոլորտներուն մէջ սեռային ոտնձգութիւններու հարցին վրայ։
Երկրորդ տեղը գրաւած է նախագահ Տանըլտ Թրամփ, որ նշեալ ամբաստանութեանց թիրախներէն մէկն է։
Նշենք, որ նման ոտնձգութիւններով ամբաստանուած Միացեալ Նահանգներու ծերակուտական Էլ Ֆրենքըն, Դեկտեմբեր 7ին յայտարարեց, թէ պիտի հրաժարի իր պաշտօնէն։
Նշենք, որ «Թայմ»ի ընթերցողները, համացանցային քուէարկութեամբ, «Տարուան Անձնաւորութիւնը» ընտրած էին Սէուտական Արաբիոյ արքայազուն Մուհամմատ պըն Սալմանը։