ՊԸՐՊԵՆՔ.- Չորեքշաբթի, Յունուար 3ին, առաւօտեան ժամը 10ին, Ս. Ծննդեան տօնին առիթով Ս. պատարագ պիտի մատուցուի Միշըն Հիլզի «Արարատ Տան» մատուռին մէջ, հանդիսապետուութեամբ թեմակալ առաջնորդ Յովնան արք. Տէրտէրեանի եւ մասնակցութեամբ հոգեւոր հայրերու: Պիտի պատարագէ եւ քարոզէ Երեմիա քհնյ. Խաչատրեանը, իսկ պատարագի աւարտին, առաջնորդի հանդիսապետութեամբ պիտի կատարուի Ջրօրհնէքի արարողութիւն:
Ապա, Ջրօրհնէք պիտի կատարուի եւ Ս. հաղորդութիւն պիտի բաշխուի նաեւ «Արարատ Տան» հիւանդանոցի բաժինին մէջ:
Նոյն օրը, կ.ե. ժամը 3:30ին, Ջրօրհնէքի արարողութիւն պիտի կատարուի եւ Ս. հաղորդութիւն պիտի բաշխուի նաեւ Լոս Անճելըսի Իկըլ Ռաք շրջանին մէջ գտնուող «Արարատ Տան» մէջ: