ՊԸՐՊԵՆՔ.- Նոյեմբեր 30էն Դեկտեմբեր 2ի միջեւ, Հայ եկեղեցեւոյ համաշխարհային երիտասարդաց միաւորման (ՀԵՀԵՄ) հոգեւոր պատասխանատու Յովնան արք. Տէրտէրեանի նախագահութեամբ, Արեւմտեան թեմի առաջնորդարանին մէջ կայացաւ 2018ն «Դէպի Հայրենիք, Դէպի Սուրբ Էջմիածին» կարգախօսին ներքոյ՝ Երիտասարդութեան տարի հռչակելու ծրագիրի կազմակերպչական խումբի ժողովը:
Ժողովին իրենց մասնակցութիւնը բերին Ռումանիոյ Հայոց թեմի առաջնորդ Տաթեւ եպս. Յակոբեան, Դամասկոսի Հայոց թեմի առաջնորդ Արմաշ եպս. Նալբանդեան, Արժանթինի Հայոց թեմի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Մաղաքիա վրդ. Ամիրեան, Արեւմտեան թեմէն Աւետիս քհնյ. Աբովեան, ՀԵՀԵՄի Կեդրոնական գրասենեակի տնօրէն Գէորգ Մկրտ-չեան, Ռումանիոյ Հայոց թեմի երիտասարդական կազմակերպութեան ներկայացուցիչ Հրանդ Ջաղինեան եւ Արեւմտեան թեմի երիտասարդական կազմակերպութեան ներկայացուցիչ Արմանդ Երջանեան:
Ժողովի ընթացքին քննարկուեցան երիտասարդական տարուան հռչակման գծով կազմակերպչական հետեւեալ հարցերը.
– Աշխատանքային խումբի ձեւաւորումը՝ ըստ տարածաշրջաններու.
– Յուլիս 4-8ին Ծաղկաձորի մէջ կայանալիք միջոցառումներու օրակարգի մշակում.
– 2018ի տարածաշրջանային ժողովներու օրակարգի մշակում.
– Երիտասարդական տարուան ծիրէն ներս թեմերու երիտասարդական միութիւներուն կողմէ շարք մը ծրագիրներու իրականացում (մշակութային, կրթական, բարեգործական եւ այլ բնոյթի)։