ԵՐԵՒԱՆ, «ՓանԱրմինիըն».- Հայաստան՝ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու (ԱՄԷ) զբօսաշրջիկներու նախընտրած 10 երկիրներու շարքին կը գտնուի: Այդ կը վկայեն տուեալները «Կուկըլ» (Google) որոնողական համակարգին, որ հրապարակած է 2017ին առաւելապէս պահանջուած զբօսաշրջութեան ուղղութիւններու վերաբերեալ տուեալները ԱՄԷի մէջ:
Ըստ որոնողական համակարին՝ ԱՄԷի բնակիչները առաւել յաճախ ուղեւորութիւններու համար փնտռած են Ֆրանսան, Թուրքիան, Եգիպտոսը, Յունաստանը, Վրաստանը, Ատրպէյճանը, Խրուաթիան, Հայաստանը, Չերնոկորիան եւ Քամպոտիան: Հայաստան այս ցուցակի մէջ 8րդ տեղը կը գրաւէ: