ԵՐԵՒԱՆ.- Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան «Արմէնիա» պատկերասփիւռի ընկերութեան տուած հարցազրոյցին ընթացքին իրատեսական նկատած է 2040ին Հայաստանի բնակչութիւնը 4 միլիոնի հասցնելու իր ներկայացուցած ռազմավարութիւնը: Այս մասին կը հաղորդէ «Փանորամա»ն:
«Անիկա մեզի համար բնականոն զարգանալու թիւն է, ես զայն կը համարեմ իրատեսական: Յստակ գործողութիւններու ծրագիր չկայ, թէ ամէն տարի մենք ինչ պէտք է ընենք, որովհետեւ, ելոյթէն ետք ստեղծուած է աշխատանքային խումբ մը եւ այդ աշխատանքային խումբը զբաղած է այդ հարցով: Կը կարծեմ, որ մեր յառաջիկայ հարցն է այս՝ հինգ տարիներու ընթացքին արտագաղթը հասցնել, այսպէս կոչուած զերոյական մակարդակի, որպէսզի գացողներու-եկողներու տարբերութիւնը դրական ըլլայ Հայաստանի համար, կամ գոնէ զերոյական»:
Նախագահը յայտնեց, որ անհրաժեշտ է պայմաններ ստեղծել ներգաղթի համար:
«Մէկ կողմէ, անշուշտ, շատ լուրջ ուշադրութիւն դարձնելով առողջապահական հարցերուն, շատ լուրջ ուշադրութիւն դարձնելով ընտանիքներուն, անոնց ամրապնդման, հասարակական վիճակին, երիտասարդներու զբաղած ըլլալուն եւ այլն, մենք պէտք է կարենանք այս ժամանակահատուածին հնարաւորութիւններ ստեղծել ներգաղթի համար: Ես ասիկա շատ իրատեսական կը համարեմ, որովհետեւ շատ մարդիկ, որոնք արտագաղթած են Հայաստանէն չեն գտած ա՛յն, ինչը կը փնտռէին: Եւ այդ մարդիկ կարելի է վերադարձնել», ընդգծած է նախագահը: