ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ.- Հինգշաբթի, 14 Դեկտեմբերին, Ստեփանակերտի Սայաթ Նովայի անուան երաժշտական դպրոցին մէջ տեղի ունեցաւ ՀՅԴ 127ամեակին նուիրուած հանդիսաւոր ձեռնարկ մը:
Ձեռնարկին ներկայ էին Արցախի թեմի առաջնորդ Պարգեւ արք. Մարտիրոսեան, Լիբանանի «Ազդակ» օրաթերթի գլխաւոր խմբագիր Շահան Գանտահարեան, ԼՂՀ քաղաքական կուսակցութիւններու ներկայացուցիչներ, պետական այրեր, ՀՅԴ Արցախի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Դաւիթ Իշխանեան, ԼՂՀ Ազգային ժողովի փոխնախագահ Վահրամ Բալայեան, կուսակցականներ եւ հիւրեր:
ՀՅԴ Արցախի Կենտրոնական կոմիտէի անունով ելոյթ ունեցաւ Վահրամ Բալայեան, որ ներկայացուց Արցախի մէջ ՀՅԴ գործունէութիւնը՝ շեշտելով նաեւ ՀՅԴ աշխարհասփիւռ կառոյցներու գործունէութիւնը Արցախի ճանաչման եւ Հայ Դատի ուղղութեամբ տարուող աշխատանքները:
Ապա ելոյթ ունեցաւ Արցախի Ազգային ժողովի «Ժողովրդավարութիւն» խմբակցութեան ղեկավար Վարդգէս Բաղրեան, որ իր կուսակցութեան անունով շնորհաւորեց ՀՅԴ 127ամեակը՝ մաղթելով բեղմնաւոր գործունէութիւն, ի փառս հայրենիքի հզօրացման ու բարգաւաճման:
Տօնակատարութեան ընթացքին իր մաղթանքը յղեց նաեւ Արցախի թեմի առաջնորդ Պարգեւ արք. Մարտիրոսեան: Պարգեւ սրբազանը շեշտեց, որ «Դաշնակցութիւնը լծուած էր պետականաշինութեան գործում, ընդգրկուած էր ազատագրական պայքարում, հերոսներ եւ նահատակներ տուեց եւ ունի մէկ երազանք, այն, ինչի միասին երազում է ամէն մի հայ՝ ունենալ միացեալ, ազատ, անկախ պատմական Հայաստան»:
Օրուան գլխաւոր բանախօսն էր ՀՅԴ Լիբանանի կառոյցի պաշտօ-նաթերթ «Ազդակ» օրաթերթի գլխաւոր խմբագիր Շահան Գանտահարեան, որ վերլուծեց միջազգային եւ տարածաշրջանային քաղաքական իրավիճակը: Շահան Գանտահարեան անդրադարձաւ Հայաստանի պետականութեան վերականգնման, 1918ի Մայիսեան յաղթանակներուն ուղղութեամբ Դաշնակցութեան ստանձնած դերին: Ապա ան անդրադարձաւ հայկական զոյգ պետութիւններու զարգացման ընթացքին եւ այդ ուղղութեամբ Դաշնակցութեան մօտեցումներուն: Ապա Շահան Գանտահարեան մանրամասն կերպով ներկայացուց ՀՅԴ Հայ Դատի յանձնախմբերի աշխատանքները:
«Դաշնակցութիւնը հայաստանեան, արցախեան եւ աշխարհատարած կառոյցներով ու Հայ Դատի կառոյցներով ցանցային այն համակարգն է, որ հայրենակեդրոն, նպատակաուղղուած գործունէութիւն կ՛իրականացնէ՝ ի խնդիր մեր զոյգ պետութիւններու հզօրացման: Դաշնակցութեան հովանիին տակ գործող Հայ Դատի յանձնախումբերն ու գրասենեակները իրողապէս վերածուած են Արցախի Հանրապետութեան դեսպանութիւններու. Դաշնակցութեան մամուլն ու լրատուադաշտը պիտի շարունակեն իրենց սիւնեակներու առաջին տեղերը տրամադրել արցախեան լրատուութեան: Դաշնակցութեան քարոզչութեան մարմինները տարբեր երկրներու պետական եւ հասարակական շրջանակներու մէջ պիտի աշխատին առարկայօրէն լուսաբանել հակամարտութեան էութիւնը՝ հակադարձելով հակառակորդներու ապատեղեկատուութեան», ըսաւ Գանտահարեան:
Տօնակատարութեան աւարտին, Արցախի պետական նուագախումբի լարային քառեակի եւ դաշնակահար երաժիշտ Սիմոն Սարգսեանի կատարումով հնչեց դասական երաժշտութիւն, ապա 4 երգի կատարումով ելոյթ ունեցաւ Գէորգ Հաճեան՝ Մարինէ Բարխուդարեանի նուագակցութեամբ:
Հանդիսութեան նախասրահին մէջ կը ցուցադրուէին 100 տարի առաջ տպագրուած ՀՅԴ «Ապառաժ» կոմիտէի օրգան «Ապառաժ» թերթի ցուցանմուշներ: