ԵՐԵՒԱՆ.- «Մեր պայքարը շարունակուելու է այն կէտից, որտեղից դադարեցուել է, այսինքն՝ հացադուլ ենք սկսում», «ֆէյսպուք»ի իր էջին վրայ Երկուշաբթի, 18 Դեկտեմբերին յայտարարեց «Յանուն գիտութեան զարգացման» նախաձեռնութեան անդամ Դաւիթ Պետրոսեան:
Ուսանողը կը յայտնէ, որ իշխանութիւններուն հետ մէկ ամիս տեւած քննարկումները ոչ մէկ արդիւնք տուած են:
«Իշխանութիւնների հետ հանդիպումները ցոյց տուեցին, որ բանակցութիւնները գնում են ոչ թէ կառուցողական ճանապարհով, այլ գնում են ուղղակի գնալու համար: Մեր պահանջն է, որ տարկէտման ինստիտուտը պահպանուի այնպէս, ինչպէս կար նախկինում», կ՛ըսէ Պետրոսեան:
Դաւիթի եւ իր ընկերներու մտադրութիւնը այլ հարթութեան վրայ մեկնաբանելու աւանդութիւնը շարունակելով, լրատուական որոշ աղբիուրներ կը յայտնեն, որ Դաւիթ քանի մը ուսանողներու հետ վերջերս գտնուած է Լեհաստան, ուր մասնակցած է Սորոս հիմնարկութեան կազմակերպած համաժողովին:
Յիշեցնենք, որ Ազգային ժողովը 15 Նոյեմբերին ընդունեց «Զինուորական ծառայութեան եւ զինծառայողի կարգավիճակի մասին» օրէնքի նախագիծը:
Նախագիծով կ՛առաջարկուի սահմանափակել տարկէտման իրաւունքը, որուն դէմ ալ պայքարի ձեռնարկած էին ուսանողները: Օրէնքը ընդունելու օրը՝ 15 Նոյեմբերին, ուսանողները հանդիպեցան Ազգային ժողովի նախագահ Արա Բաբլոյեանի ու փոխնախագահ Էդուարդ Շարմազանովի հետ, որմէ ետք որոշուեցաւ դադրեցնել պայքարը: