Թ. Շ.
Դեկտեմբեր 9ին եւ 10ին, Սեւրի Սամուէլ-Մուրատ վարժարանի շրջափակին մէջ տեղի ունեցաւ Շէնի Ֆրանսայի կառոյցի տարեկան տօնավաճառը: Նախաձեռնութիւնը իւրայատուկ է, Հայաստան-Սփիւռք յարաբերութիւններու գործնական արտայայտութիւն մը՝ Ս. Ծննդեան եւ տարեգլխու տօներու նախօրեակին, երբ կը բացուի նուէրներ գնելու եղանակը: Փարիզի եւ շրջակայքի հայ համայնքին կը հրամցուի հայաստանցի արուեստագէտին, արհեստաւորին ձեռային աշխատանքները կամ գիւղացիին հայկական նպարեղէնները, չիրը, խմիչքը, որոնք կը ճոխացնեն տօնական սեղանները:
Բարեսիրութեան եւ երկրին հետ կապուելու ընձեռուած բացառիկ պատեհութեան, անոր համին, հոտին ու աշխատանքին հետ առընչուելու ետին կայ հայրենիքը շէնցնելու ամուր համոզումը: Կայ շէնականներուն ընկերվարական գաղափարականը՝ տնտեսական բարօրութիւնը, արդար ճամբով ապրուստի միջոցներ ապահովելու, խաղաղութեան պայմաններու մէջ ապրելու տեսլականը:
Շէնը ընկերական բացառիկ ցանց մըն է, գործակցութեան ոգի մը, որ գոյութիւն ունի 1988էն ի վեր, որուն հիմնադիրները կը հաւատային, թէ պէտք է Հայաստան-Սփիւռք կամուրջ մը ստեղծել, որ պիտի զարգացնէր Հայաստանի եւ Արցախի սահմանամերձ շրջաններու գիւղատնտեսութիւնը, պիտի բարելաւէր ընկերային կեանքը եւ զարկ պիտի տար այդ գօտիի տնտեսութեան: Այդ օրերէն մինչեւ հիմա Շէնի տղաքը լուռ ու անտրտունջ հսկայական աշխատանք տարած են՝ հարիւրաւոր հեկտարի տարածութեամբ պտղատու ծառեր տնկած են, իրագործած են յատուկ գործիքներով զանազան միրգեր չորցնելու աշխատանքը, գիւղական շրջաններու մէջ վերանորոգած են բնակարաններ, դպրոցներ, առողջապահական, մարզական կեդրոններ, ոռոգման ցանցեր: Այդ շրջաններէն հաւաքուած արհեստաւորներու ձեռային գործերը, արուեստագէտներու ստեղծագործութիւնները՝ գեղանկարներ, քանդակներ եւ այլ գեղեցիկ ապրանքներ Ֆրանսա բերուած ու ներկայացուած էին տօնավաճառին այս տարի եւս, ինչպէս տարիներէ ի վեր:
Ուրախ եւ տօնական մթնոլորտ կը տիրէր: Այդ երկու օրերուն ընթացքին հարիւրաւոր ֆրանսահայեր այցելեցին եւ առիթ ունեցան հանդիպելու արուեստագէտներու, գրողներու, նկարիչներու, երաժիշտներու հետ, որոնցմէ իւրաքանչիւրը կը մակագրէր իր գիրքը, գեղանկարը կամ սալիկը: Կէսօրուան ճաշը եւ իրիկուան ընթրիքն ալ յարմար առիթ էին, որպէսզի ժողովուրդը շփուի եւ մտերիմ զրոյց ունենայ իր մտաւորականութեան հետ: Ճաշերու պատրաստութիւնը ստանձնած էին շէնականները, «Եանց» ակումբի խոհարարին՝ Ժերար Մարգարեանի ղեկավարութեամբ: Անոնք եփած էին համով-հոտով կաղամբով լիցքը (տոլմա), անշրջանցելի եւ ամէնէն յարգելի «գլուխ գործոց» ճաշը:
Այս տարուան տօնավաճառի հացկերոյթին յատուկ հրաւիրեալն էր Ֆրանսայի ներքին գործոց նախկին նախարար, Ֆրանսայի ընկերվարական կուսակցութեան խորհրդարանական խումբի նախագահ Պրիւնօ լը Ռուն, որ կուսակցութեան «Reserve parlementaire»էն 20 հազար եուրօ նուիրած էր Շէն կազմակերպութեան՝ ի նպաստ Սեւանի ափին գտնուող Մարտունի գիւղին մէջ եւրոպական չափանիշերով մանկապարտէզի մը վերակառուցման գործին:
Փոխան գեղարուեստական յայտագիրի՝ կազմակերպիչները այս տարի յղացած էին հետաքրքրական գաղափար մը՝ խոհարարներուն քոչարի պարել տալ: Նաեւ կախարդ-աճպարար մը հրաւիրուած էր, որ սեղանէ-սեղան պտըտելով կը հմայէր մեծերն ու փոքրերը, կասկածամիտներն ու հետաքրքրասէրները:
Բացի «Եանց» ակումբէն, Շէնը յատկապէս կը համագործակցի Հայ բժիշկներու միութեան (UMAF) հետ, որ բժշկական սարքաւորումներ եւ խնամք կը հասցնէ Հայաստանի եւ Արցախի սահմանամերձ շրջաններու գիւղաբնակ ժողովուրդին:
Ահաւասի՛կ, Փարիզեան շրջանին մէջ կայացած հոգեհարազատ եւ հայաբոյր շաբաթավերջ մը, Մխիթարեան միաբանութեան յարկին տակ:
«ՆՈՐ ՅԱՌԱՋ»