Կիրակի, 10 Դեկտեմբերին, Մոնթրէալի Սեն Լորան եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ «Հայք» ձայնային քառեակին Ծննդեան համերգը, որուն խմբավարն է Յասմիկ Գասպարեան: Սոյն ելոյթին մասնակցեցան նաեւ «Փոքր Հայք»ի ինը երեխաներէ բաղկացած մանկապատանեկան խմբակը:
Խումբը հանդէս եկաւ հայ թէ օտար Ծննդեան շարականներով եւ երգերով:
Համերգին հիմնական հովանաւորն էր Լեւոն եւ Աննա Աֆէեան ամոլը: Համերգի աւարտին խօսք առաւ Լեւոն Աֆէեան, որ յայտնեց, թէ մեծ հաճոյքով ստանձնած էր սոյն համերգին հովանաւորութիւնը, որուն հասոյթը պիտի տրամադրուի Տաւուշի մարզի «Պահապան» զարգացման հիմնադրամին հայրենանուէր ծրագիրներուն եւ այս պարագային՝ սահմանային գիւղերուն մէջ խաղաթաքստոցներ հիմնելու, որպէս ապահով վայր սահմանամերձ գիւղերու երեխաներուն:
Խանդավառուած մթնոլորտէն՝ համերգի աւարտին Լեւոն եւ Աննա Աֆէեանները որոշեցին կրկնապատկել հաւաքուած գումարը: Համերգի հասոյթով եւ Լեւոն եւ Աննա Աֆէեաններու նուիրատուութեամբ կարելի պիտի ըլլայ կառուցել երկու սահմանամերձ գիւղի խաղաթաքստոց:
Տաւուշի մարզի «Պահապան» զարգացման հիմնադրամի մասին կարդալ pahapan.org կայքին վրայ։