Պոլսոյ հայոց պատրիարքի տեղապահ Գարեգին արք. Պէքճեան հանդէս եկաւ Միացեալ Նահանգներու կողմէ Երուսաղէմը Իսրայէլի մայրաքաղաք ճանչնալու հետեւանքով սկսած ճգնաժամին վերաբերեալ ուղերձով: Այդ մասին, ըստ «Ակունքի»ի, կը հաղորդէ «Ակօս» շաբաթաթերթը:
Աղբիւրին համաձայն՝ Պոլսոյ հայոց պատրիարքի տեղապահը իր ուղերձին մէջ կը յայտնէ. «Մեծ վիշտով եւ անհանգստութեամբ կը հետեւինք Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի կողմէ Երուսաղէմը որպէս Իսրայէլի մայրաքաղաք ճանչնալէն ետք սկսած համաշխարհային լարուածութեան եւ Միջին Արեւելքի մէջ խաղաղութեան գործընթացի հասցուած վնասին: Ինչպէս իր անունը կը ստուգաբանուի՝ «խաղաղութեան քաղաք» հանդիսացող Երուշալիմի՝ Երուսաղէմի, մէջ, որ սուրբ կը համարուի հրէականութեան, քրիստոնէութեան եւ իսլամութեան կողմէ, այժմ ցաւալիօրէն բախումներ տեղի կ՛ունենան:
Իսկ այն փաստը, որ կրօնական առումով համայն աշխարհի եւ մարդկութեան ժառանգութիւնը եղող Երուսաղէմ քաղաքը նման ձեւով գործիք դարձած է քաղաքականութեան համար, աւելի շատ կ՛անհանգստացնէ եւ վիշտ կը պատճառէ մեզի՝ որպէս ընդհանրապէս քրիստոնեաներուս եւ յատկապէս Հայ առաքելական եկեղեցւոյ հետեւորդներուս: Համոզուած ենք, որ բոլոր կողմերն ալ պէտք է համատեղ կերպով ջանքեր գործադրեն՝ միաստուածութիւն դաւանող կրօններու ընդհանուր սրբավայր հանդիսացող Երուսաղէմի այդ յատկանիշին վնաս չհասցնելու համար:
Այս օրերուն, երբ միջազգային խաղաղութիւնն ա՛լ աւելի մեծ վտանգի տակ կը գտնուի, կը մաղթենք, որ կողմերը սառնասրտութեամբ եւ հաւասարակշռութեամբ գործեն՝ լարուածութիւնը նուազեցնելու եւ արդէն իսկ գոյութիւն ունեցող հարցերը աւելի մեծ ընդհարումներու չվերածելու համար:
Ամենակարող Բարձրեալին կ՛աղօթենք, որ այս տարաձայնութեան մէջ ընդգրկուած բոլոր կողմերու առաջնորդներուն իմաստնութիւն, փոխադարձ հանդուրժողականութիւն եւ փոխըմբռնում շնորհէ, որպէսզի անոնք ձգտին մնայուն խաղաղութիւն հաստատելուն:
Ի սրտէ կը մասնակցինք աշխարհի եւ, մասնաւորապէս, Միջին Արեւելքի եւ մեր երկրի (Թուրքիոյ-«Ակունք»ի Խմբ.) խաղաղութեան համար կատարուող բոլոր աղօթքներուն եւ Ամենակարող Բարձրեալէն կը խնդրեմ, որ սիրտերը երկնային սիրով լեցնէ՝ ատելութեան եւ բարկութեան փոխարէն»:
Թարգմանեց՝
ՄԵԼԻՆԷ ԱՆՈՒՄԵԱՆ