ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ
Դատապարտելը հաւանաբար դիւրին է ու աւելի հերոսական շեշտ մը ունի մէջը:
Կը դատապարտե՛նք կաշառակերութիւնը ու կաշառակերութեան դէմ պայքարի անվճռականութիւնը:
Կը դատապարտե՛նք կրաւորականութիւնը ու անընդունելի վիճակը փոխելու հաւաքական անկարողութիւնը:
Կը դատապարտե՛նք գաղափարական շեղումներն ու յանուն անմիջական եւ նպատակայարմար լուծումներու՝ դիւրին զիջողական վարքագիծը: Գաղափարական սկզբունքներու հաւատարմութիւնը կը պահանջէ զոհողութեան բարձր գին, որուն պատրաստ ըլլալը յատկապէ՛ս դժուար է՝ նիւթապաշտութիւնը կրօնական մոլեռանդութեամբ սատարող միջավայրի մէջ:
Կը դատապարտե՛նք հասարակական կեանքի մէջ տեղ գտած անձնակեդրոնութիւնն ու խմբակային գործելակերպը:
Կը դատապարտե՛նք ազգային վեհ զգացումներու չարաշահումով սեփական հարստութիւն կուտակելու ճղճիմ ճարպիկութիւնները:
Կը դատապարտե՛նք ազգային յանձնառութիւններէ խուսափելու բոլոր երեւոյթները:
Կը դատապարտե՛նք անհեռատես ծրագիրներով հաւաքական կեանք ղեկավարողները, որոնք նաեւ յատկանիշ ունին երկար կառչելու իրենց աթոռներուն՝ վանելով իրենց շրջապատէն նոր նախաձեռնութիւններու հակամէտ գործիչներ:
Կը դատապարտե՛նք ձախողութիւններու պատասխանատուութիւնը վերցնելու, ստանձնելու փոխարէն՝ զանոնք միշտ արտաքին ազդակներու վերագրող մարտավարութիւնը: Սեփական ձախողութիւնները մութ ու խորհրդաւոր դաւադրութիւններով բացատրելով՝ հաւաքական զայրոյթէն ու դժգոհութիւններէն կրնանք խուսափիլ, սակայն ափսո՜ս, անոնց մէջ պարփակուած ուժականութիւնը չե՛նք օգտագործեր նոր ճանապարհներու ու լուծումներու փնտռտուքի ուղղութեամբ:
Կը դատապարտե՛նք անսպառ համբերութիւնն ու հանդուրժողութիւնը՝ հանդէպ միջակութեան։
Անազնուութիւնն ու վատը ամէնէն սուր բառերով դատապարտելով՝ կրնայ ըլլալ, որ հոգեկան բաւարարութիւն ստանանք ու թաքցնենք մեր սեփական… անկարողութի՛ւնը: Անկարողութիւն՝ մեր մէջէն արմատախիլ ընելու համակերպող մեղկութիւնը: Ի վերջոյ, թոյլին ու տկարին վերապահուած դիւրին ճանապարհն է խօսքո՛վ դատապարտել ու այդքանո՛վ բաւարարուիլ:
Yété tooyln oo dgaru miayn khoskov grnan kordzél, yév ayt badjarov tadabardéli én, oorémn oor én anonk, voronk irénk zirénk zoravor gu sébén? Inchoo kordzi chén ldzvir