Ուրբաթ, 8 Դեկտեմբերին, հանդիսութեամբ մը նշուեցաւ Կրընոպլի Հայ մշակոյթի տան (MCAGD) 40ամեակը: Հանգուցեալ Ժան Մարանճեան խումբ մը ընկերներով հիմնած էր տունը, կնքահայրութեամբ Ժան Գառզուի:
Ձեռնարկին հրաւիրուած էին բազմաթիւ համակիրներ, որոնք տեղ գրաւած էին կլոր սեղաններու շուրջ, մասնակցելու համար օրուան խորհուրդին առթիւ տրուած ընթրիքին:
Ներկայ էին քաղաքապետ Էրիլ Փիոլ եւ քաղաքապետարանի խորհրդականներ, Լիոնի հիւպատոսուհի Գայիանէ Մանուկեան, գաղութի հոգեւոր հովիւ Բաբգէն քհնյ. Ստեփանեան, մշակոյթի տան ատենապետուհի Սիրանոյշ Խաչատրեան եւ պաշտօնատար անձնաւորութիւններ: Վարչութեան խօսքը արտասանեց Կրեկուար Ադամեան եւ շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր անոնց, որոնք անցնող տարիներու ընթացքին զօրակցած էին իրենց աշխատանքներուն: Ան յարգեց յիշատակը հանգուցեալ քաղաքապետ Հիւպէր Տիւպըտուի, որուն շնորհիւ տարիներ առաջ շարժապատկերի «Rex» սրահը տրամադրուեցաւ համայնքին, որ յետոյ կամաւորներու սիրայօժար աշխատանքով Հայ մշակոյթի տան վերածուեցաւ: Այնուհետեւ սփռուեցան անցեալի հիմնական իրադարձութիւններուն պատկերները, ինչպէս՝ միօրեայ դպրոցին ստեղծումը, «Ազատ Մակազին»ի կեդրոնը, մարզական, մշակութային եւ գեղարուեստական ձեռնարկները եւ այլն:
Գործադրուեցաւ գեղարուեստական յայտագիր մը ջութակահար Ալեքսանդր Շիրինեանի եւ «Երեւան» պարախումբին մասնակցութեամբ:
Աւարտին շնորհաւորական խօսքերով ելոյթ ունեցան քաղաքապետն ու հիւպատոսուհին եւ կտրուեցաւ կարկանդակը: