Վիլեամ Սարոյեանը 1936ին հրատարակել է իր մէկ գիրքը «Inhale and Exhale» (Շնչել եւ Արտաշնչել) անունով: Ինչպէս իր շատ ստեղծագործութիւններում այս գրքում եւս նա շարադրել է հայ կեանքի հետ կապուած մի շարք հաստատումներ՝ որոնց թւում անդրադարձել է նաեւ Դաշնակցութեանն ու Առաջին Հանրապետութեանը: Ստորեւ ներկայացւում է հատուած այդ խօսքից.
«Ասոնք էին Ազգայնականները, Դաշնակները, որոնք կռուեցան Հայաստանի համար, վասնզի կռիւը իրենց դիտած միակ ուղին էր պահպանելու համար կեանքը, արժանապատուութիւնը եւ ցեղը: Աշխարհը ատկէ տարբեր միջոց մը չունէր: Միայն զէնքով կ՛ըլլար այդ: Աստուծոյ անիծած ոջլոտ միջոցը, բայց Դաշնակցականները մեծ մարդիկ էին եւ ըրին այն, ինչը պարտաւոր էին ընել: Իսկ որեւէ հայ, որ կ՛արհամարհէ այս մարդիկը, տգէտ է կամ իր ցեղի մատնիչը: Այս մարդոց ընտրած ուղին սխալ էր, գիտեմ որ սխալ էր, բայց ատկէ զատ ուրիշ միջոց չունէին անոնք: Է՜հ, անոնք շահեցան պատերազմը:
Այսպէս կամ այնպէս ամբողջ ցեղը չբնաջնջուեցաւ: Հայաստանի ժողովուրդը կը մսէր, անօթի էր եւ հիւանդ, բայց այս զինուորները շահեցան իրենց պատերազմը եւ Հայաստան ազգ մը դարձաւ կառավարութեամբ մը եւ դաշնակներով կազմուած քաղաքական կուսակցութեամբ մը: Շատ տխուր եւ շատ սրտայոյզ է, երբ կը մտածէք այն հազարաւորներուն մասին, որոնք սպանուեցան, բայց ես կը պատուեմ զինուորները, որոնք մեռան եւ անոնք, որոնք կապրին տակաւին: Կը պատուեմ եւ կը սիրեմ զանոնք: Աղէտալի սխալ մըն էր այդ, բայց ազնիւ սխալ մը եւ Հայաստան եղաւ Հայաստան: Անշուշտ շատ փոքր ազգ մըն էր ան, շատ անկարեւոր ազգ մը, ամէն կողմէ թշնամիներով շրջապատուած, սակայն Հայաստանը երկու տարի մնաց Հայաստան եւ Երեւանը՝ մայրաքաղաք: Հարիւրաւոր տարիներէ ետք առաջին անգամն ըլլալով Հայաստանը եղաւ Հայաստան:
Գիտեմ թէ որքան անմիտ բան է հպարտ ըլլալ, բայց չեմ կրնար յաղթել այդ զգացումիս եւ հպարտ եմ»:
«Բագին» ամսագրի 1981 թուականի 1ին համարում հրապարակուել է ձայներիզից վերարտադրուած զրոյց Մուշեղ Գալշոյեանի հետ: Ըստ ամսագրի այդ օրերի խմբագիր Պօղոս Սնապեանի՝ ձայներիզը տրամադրել է ոմն «Ճեմարանական Մհեր, ում՝ պատմելով այդ ձայնագրուածը իր եւ Մուշեղ Գալշոյեանի զրոյցն է, որ տեղի է ունեցել 1980 թուականի Սեպտեմբերի 18ից Հոկտեմբերի 9-ն ընկած ժամանակահատուածում, երբ ինքը եղել է Հայաստանում (տաղանդաւոր գրողի անժամանակ մահուանից օրեր առաջ): Ներկայացւում է հատուած այդ զրոյցից.
«Եղաւ մի լաւ բան: Եթէ յանկարծ Դաշնակցական կուսակցութիւնը չկարողանար մի փոքրիկ Հանրապետութիւն ստեղծել, պետութիւն, անկախ մի պետութիւն, որ գոյութիւն ունեցաւ երկու տարի կամ աւելի պակաս՝ մենք այն ատեն Հանրապետութիւն կոչուելու իրաւունք չէինք ունենայ, մենք կը լինէինք մարզ, աւտոնոմ (ինքնավար-Խմբ.) հանրապետութիւն: Որովհետեւ սահմանադրութեամբ միլիոնից պակաս ժողովուրդ ունեցողը, ազգաբնակչութիւն ունեցողը, ա-ռանձին հանրապետութիւն լինելու իրաւունք չունէր՝ եթէ նա պետութիւն չէր: Իսկ քանի որ կար էդ պետականութիւնը՝ մենք դարձանք առանձին հանրապետութիւն: Ահա Էն մե՛ծ բանը, էն ինչ որ կատարեց Դաշնակցական կուսակցութիւնը եւ իրաւ պետութիւն ստեղծեց, ասենք թէ, էնքան պետականութիւնից զուրկ, վեց հարիւր տարուց յետոյ մի փոքրիկ պետութիւն: Յուզիչ մի պետութիւն»:
Սրբոց Նահատակաց Եկեղեցւոյ Հովիւը,
Հոգաբարձութիւնը, Ազգ. Երեսփոխանները,
Կիրակնօրեայ Վարժարանը, Դպրաց Դասը Եւ Տիկնանց Օժանդակ Մարմինը
Նոր Տարուան Եւ Ս. Ծնունդի
Լաւագոյն Ողջոյններ Կը Փոխանցեն
Հայրենաբնակ եւ Սփիւռքի
Հայ Ժողովուրդին
Նաթալի Սավուլեան
Վահան եւ Անուշ Շամլեան Ազգային
Վարժարանի Աշակերտուհի
Կը Շնորհաւորէ Նոր Տարին
Եւ Ս. Ծնունդը Շամլեան Վարժարանի Տնօրէնութեան,Ուսուցչական Կազմին Եւ Ընդհանուր Աշակերտութեան
Ի Յիշատակ Շաւարշ Եւ Նազիկ Տէմիրճեաններուն
In Loving Memory of
Shavarsh & Nazik Demirdjian
Նոր Տարին այն պահն է,
երբ ամէնէն սուր կերպով կը զգանք
մեր հանգուցեալ սիրելիներու
բացակայութիւնը,
անոնց չխամրող յիշատակները,
միշտ վառ մնացած կարօտը
եւ կը գնահատենք ի գին
մեծ զոհողութիւններու
մեզ փոխանցուած հոգեւոր հարուստ ժառանգութիւնը:
Յարգանք ձեր յիշատակին, սիրելիներ, շնորհակալութիւն՝ արժէքային ձեր հրաշալի համակարգը մեզ փոխանցելու ճիգերուն:
Հայկուշ Քեղինեան-Քոհլըր
Ի յիշատակ իր ծնողներուն՝
Պետրոս եւ Մանուշակ
Քեղինեաններուն
Ի յիշատակ իր հօրեղբօր
Քաջբերունի եւ Ծաղիկ
Քեղինեաններուն