Յ. ՊԱԼԵԱՆ
ՎԻՇՏՔ ՀԱՅՈՒՆ (հատուած, 1868)
Հայն էր որ թագըդ գըլորեց փայլարձակ,
Եւ ալեւոր ճակտիդ բարդեց սեւ ամպեր,
Յետոյ վայեց՝ երբ գերեզման կը շտապէր,
Այլ շնչասպառ էր՝ չ՛ունէր ձեռքը կայծակ՝
Որ այն ամպերն փոշորկաբեր փարատէր,
Եւ հայրենիքն շղթաներէ ազատէր.
Նոճեաց խորքը մահուան շունչը սօսափեց,
Սոսկմամբ ցնորած Հայն իր երկրէն խուսափեց.
Պետրոս Դուրեան*
Աւուր պատշաճի կամ ապսպրուած խօսքէն աւելին կ՛ուզեմ ըսել օտար աշխարհի մէջ… 110 տարիէ ի վեր լոյս տեսնող «Ասպարէզ»ի մասին, այս առիթով նաեւ հայ թերթի երէկուան եւ եթէ քիչ մը նուազ կեղծ արդիականութեան անձնատուր ըլլանք, այսօրուան եւ վաղուան հայ մամուլին մասին:
Հայ մամուլ՝ որ պարտք պէտք է համարէ խօսիլ տարտղնուած եւ տարտղնուող զանգուածներուն, բանաստեղծի 1868ի արձակած ճիչին մասին, որ այսօր ալ կ՛արձագանգէ. «Սոսկմամբ (կամ առանց սոսկումի) ցնորած Հայն իր երկրէն խուսաբեց» (միշտ ըստ բնագիրի), միշտ հարց տալով, թէ մինչեւ ե՞րբ Հայն իր երկրէն պիտի խուսափի…
Երբ դեռ տեղի չէր ունեցած հայութեան զանգուածային հայրենահանումը, Ֆրեզնոյի մէջ լոյս կը տեսնէր «Ասպարէզ»ը: Ֆրեզնօն հալածանքներէ եւ հարստահարութիւններէ խոյս տուած հայ գաղթականութեան քաղաք էր, որուն աճման եւ զարգացման մէջ այդ գաղթականութիւնը կարեւոր դեր ունեցած է:
Քալիֆորնիան, կամ ինչպէս կ՛ըսուի Միացեալ Նահանգներու Արեւմտեան շրջանը, բազմապիսի ընկերային եւ քաղաքական ազդակներու բերումով, դարձած է հոծ հայութեամբ գաղութ, հայեր հոն հասած են ապակայունացած զանազան երկիրներէ եւ վերանկախացած Հայաստանէն:
Զանազանութիւններու ամերիկեան հալոց է Քալիֆորնիան, melting pot, նաեւ հայկական այլազանութիւններու հալոց, թէեւ ամերիկանանալու հալոցը աւելի լաւ կը բանի, քան ներհայկական զանազանութիւններու հալոցը, քանի որ այլազան «տեղացիութիւններ» կը պահուին որոշ յամառութեամբ: Աշխարհագրական բազմամարդ ընդարձակ շրջանի մը մէջ, որ մեծ երկրի չափերով է, հայութիւնը տոկոսային փոքրամասնութիւն է, այլ փոքրասնութիւններու կողքին:
«Ասպարէզ»ը հիները եւ նոր հասնողները իրարու միացնող հաղորդամիջոց է, ոմանց համար է նաեւ հաղորդութեան միջոց, հայերէնը, հայ մշակոյթը եւ քաղաքականութիւնը բերելով հայոց տուները, մինչ միւս կողմէ տեղի կու տայ ազգային պատկանելիութեան շնչերակ լեզուն, օտարախօսութիւնը համարուելով ընկերային յառաջդիմութիւն:
Հակառակ զարգացող եւ ընդհանրացող արդիական հաղորդամիջոցներուն, հայ թերթը կը սպասուի շատերուն կողմէ, քանի որ ընդհանրապէս քաղաքական եւ տնտեսական լրատուութենէ աւելին կը բերէ անիկա, նոյնիսկ եթէ այդ աւելիին նկատմամբ կը կարծուի, որ հետաքրքրութիւնները նուազած են: Անոնք ընդհանուր բնորոշումով կը վերաբերին հայ կեանքին. Հայաստան, Արցախ, Արեւմտահայաստան, համայնքներ:
«Ասպարէզ»ի, ինչպէս բոլոր հայաբարբառ եւ հայագիր թերթերու մեսիանական դերը կը կայանայ անոր մէջ, որ անիկա հայերէն գիրը, խօսքը, հայը հետաքրքրող հարցերը, կը բերէ մեր սեղանին վրայ, մեր տուները, կը յիշեցնէ արմատ եւ ինքնութիւն: Նոյնիսկ երբ ընթերցողները կը նուազին: Այս նուազումին մասին այլապէս ալ պէտք է խօսիլ: Չեմ գիտեր, թէ ի՛նչ է տպաքանակը թերթին, բայց հետաքրքրական պիտի ըլլար հարցախոյզ մը ընել, գիտնալու համար ընթերցողներու թիւը: Ոմանք յոռետեսութեամբ կ՛ըսեն, թէ ընթերցողները կը նուազին, իսկ չե՞նք խորհիր նաեւ, որ թերթի նոյն համարը կրնայ ունենալ եւ ունի մէկէ աւելի ընթերցող:
Երբեք չենք մտածեր այն մասին, որ Պոլսոյ յիսուն կամ վաթսուն հազար հայերը ունին երկու օրաթերթ, առաւել շաբաթաթերթ մը: Քալիֆորնիոյ հայութեան համրանքը Պոլսոյ բաղդատած տասնըհինգ կամ քսան անգամ աւելի է: Միթէ՞ անկարելի է որ «Ասպարէզ»ի ընթերցողները նոյն համեմատութեամբ աճին: Ինչպէս Հայկական Սփիւռքի բոլոր թերթերը, առաւել կամ նուազ չափով կը խմբագրուին եւ կը պատրաստուին չորս պատերու ետին, չեն երթար դէպի լուրը, դէպի քաղաքացին, անոր առօրեան, որպէս հայ եւ որպէս մարդ, այսինքն մարդիկ եւ թերթ հարկ է որ սերտաճին: Այն ատեն ընթերցողները կը բազմանան, իրենք զիրենք տեսնելով թերթին մէջ:
Ի հարկէ մարդու եւ միջոցներու հարց է: Եւ կը մնանք ծանօթ անլուծելի թուացող «հաւը հաւկիթէն կու գայ թէ հաւկիթը՝ հաւէն» անպատասխան մնացող հարցման փապուղիին մէջ: Արցախէն ստացուած յուզիչ, խանդավառող կամ մտահոգող լուրերը պէտք է տալ, այդ ընելու համար թերթերը յատուկ թղթակիցներ չունին: Այդ պատճառով ալ, նոյն լուրը, քլիշէ ձեւով, կը գտնենք բոլոր հաղորդամիջոցներու ըսածին եւ գրածին մէջ: Եթէ թղթակիցներ ունենային, լուրը այլապէս կենդանի եւ ինքնուրոյն կ՛ըլլար, թերթը՝ հետաքրքրական: Եթէ թերթը ունենար համայնքի առօրային եւ մտահոգութիւններուն հետեւող եւ արձագանգող լրագրողներ, մարդիկ կու գային դէպի թերթը, իմանալու, լսելու: Ի հարկին, լսելու նաեւ թեր եւ դէմ կարծիքներ:
Կը պատահի՞ որ թերթը հարցախոյզ մը կատարէ, գիտնալու համար, թէ դպրոցական տարիքի քանի մանուկներ եւ պատանիներ ափ կ՛առնեն օտար վարժարաններու դուռը, քանի որ իրենց ծնողները չեն կրնար վճարել հայկական վարժարանի ծախսերը: Եւ հայ տղան եւ աղջիկը կը զրկուին իրենց հայ դպրոց յաճախելու իրաւունքէն: Թերթը ժողովուրդին հետ ըլլալու համար այս բացասականութեան դէմ պէտք է պայքարի, այդ իրաւունքը պէտք է պաշտպանէ:
Կրկին Պոլսոյ մէջ, օսմանեան իշխանութեան ներքեւ, ազգային գաւառական եւ այլ ժողովներու նիստերուն յաջորդ օրն իսկ թերթերը կ՛արձագանգէին, չէին բաւարարուեր հաղորդագրութիւններով, լրագրողները ներկայ եղած կ՛ըլլային, վիճարկումներուն մասին կը խօսէին, գնահատումներ կ՛ընէին, քննադատութիւններ: Մեր կեանքին մէջ, բոլոր ժողովներէն ետք, կ՛իմանանք, որ ամէն բան լաւ է: Թերթերը բացակայ են միութիւններու եւ կուսակցութիւններու ներքին կեանքէն, տաք ու պաղէն, չի խօսուիր լճացումներու, թերիներու, ձախաւերութիւններու, ընդհանրապէս՝ բացասականութիւններու մասին, քննադատութեան չենք հանդիպիր: Քննադատութիւնները կ՛ըլլան տուներու եւ սրճարաններու մէջ:
Քննադատութիւնը չարամտութիւն չէ, մեղանչում չէ, լաւի ձգտում է:
Մեզմէ շատեր կը կարդան նաեւ օտար թերթեր: Հոն կը գտնեն թեր եւ դէմ կարծիքներ, քննարկումներ, անոնք ունին հետախուզող լրագրողներ, որոնք կը ծառայեն հանրային բարոյականի առողջապահութեան: Պէտք է յիշել, որ թերթի մը հետախուզող լրագրողները հրաժարման մղեցին Ամերիկայի հզօր նախագահներէն մին: Նոր ընկերութեան մէջ, հայ թերթը իր դիմագիծը պէտք է փոխէ, դառնայ իրապէս հանրային ծառայութիւն:
«Ասպարէզ»ը, իր 110 տարիներու ծառայութեան իրաւունքով, կրնայ դիմել Քալիֆորնիոյ ընդհանրապէս բարօր հայ զանգուածին, որպէսզի անիկա իր կարգին տիրութիւն ընէ Ի՛Ր թերթին, ընելով այնպէս, որ ան մտնէ իւրաքանչիւր հայու տուն, տրամադրէ միջոցներ, մեկնելով այն պարզ սկզբունքէն, զոր սահմանած էր Յակոբ Օշական՝ ըսելով, որ «մագաղաթը աւելի կ՛ապրի մարմարէն»: Տպաւորիչ եւ քաղքենիական բաւարարութիւն տուող շէնքերու կողքին, պէտք է ներդրում կատարել թերթերուն մէջ, բարելաւելով անոնց լրագրական, հրապարակագրական եւ լեզուական որակը, որպէսզի անոնք հայակերտումի դեր կատարեն:
Թերթը ընթացքի մէջ եղող պատմութիւն է: Իմ, քու, մեր:
Ինչպէս պէտք է ըսել զանգուածին, որ թերթը մեր հաւաքական ներկան է, ապագային մեր յաջորդները մեզ պիտի գտնեն թերթին մէջ, շատ աւելի հարազատութեամբ քան շէնքերը, մարմարը: Մարմարը հաւաքականութեան հոգի չի տար, թերթը, մանաւանդ երբ կը նուաճէ լրագրական եւ հրապարակագրական որակ, զանգուածին ոգի եւ ինքնութիւն կը ներշնչէ: Այս էական ճշմարտութիւնը պէտք է առաջնորդէ էսթէպլիշմընթը, եթէ անիկա ինքզինքին կ՛ուզէ առաջնորդողի դեր տալ, նպաստել ընդհանուր բնորոշումով՝ «հայապահպանման»:
Որքա՜ն լաւ պիտի ըլլար, որ «Ասպարէզ» եւ հայկական միւս թերթերը, վերագտնէին «Մշակ»ի, «Ազատամարտ»ի, «Յառաջ»ի բազմաշերտ իրաւութիւնը, դառնային հայ միտքի եւ հոգիի, հայ մշակոյթի եւ գրականութեան տնկարանները, միտքի, գիրի: Երբեմն պէտք է մտածել այն մասին, որ եթէ չըլլար «Մշակ»ը Րաֆֆի կ՛ունենայի՞նք, եթէ չըլլար «Ազատամարտ»ը, Գրիգոր Զօհրապ կ՛ունենայի՞նք:
Ինչո՞ւ հայ թերթը կրկին պիտի չվերագտնէ, լրատուութենէ անդին, գրական-մշակութային բեմի իր դերը:
Քալիֆորնիոյ հայկական զանգուածները, իրենց ինքնութեան պաշտպանութեան համար, պէտք է դառնան դէպի իրենց թերթը, թերթերը, որպէս հաղորդակցութեան, ինչու ոչ նաեւ հաղորդութեան միջոց, որ սոսկ լրատուութեան կողքին լեզու է, քաղաքականութիւն եւ մշակոյթ:
Այս ճիգը պէտք է ընել մինչեւ այն օրը, երբ իրականացած կ՛ըլլայ հողահաւաքը եւ ազգահաւաքը, գաղափարներ՝ որոնք կը բաշխուին թերթով:
Ակնկալութիւնները կը կենսագործուին մասնակցութեամբ եւ զօրակցութեամբ:
Ազգին ակնկալութիւնները մեծ են իր թերթերէն:
Ի՞նչ ընել եւ ինչպէ՞ս, որպէսզի ակնկալութիւններուն ընկերանան զօրակցութիւն, յանձնառութիւն եւ մասնակցութիւն, Պոլսոյ թերթերու համեմատական աճով:
Այս պարագային՝ 110 երկար ու ձիգ տարիներէ ի վեր ճակատի վրայ կանգնած «Ասպարէզ»ի երթը կը շարունակուի լայն եւ լուսաւոր մայրուղիով, որ խուսափումի հակառակ ուղղութեամբ կը տանի ԴԷՊԻ ԵՐԿԻՐ, ԷՐԳԻՐ:
21 նոյեմբեր 2017
Նուազի-լը-Կրան
*«Տրտունջք», բանաստեղծութիւններ, Պետրոս Դուրեան (1852-1872), 112 էջ:
Կազմող՝ Վահագն Սարգսեան: Ներկայացուած են բանաստեղծի ընտրանին, ըստ բնագիրի, զուգահեռ՝ ռուսերէն թարգմանութիւնները:
ՕՐԵՆՃ ՔԱՈՒՆԹԻ
Ս. Քառասնից Մանկանց Եկեղեցւոյ
Հովիւը, Հոգաբարձութիւնը, Տիկնանց Միութիւնը եւ
Յարակից Մարմինները Արի Կիրակոս Մինասեան
Վարժարանի Տնօրէնութիւնը, Ուսուցչական Կազմը,
Աշակերտութիւնը եւ Յարակից Մարմինները
Կը Շնորհաւորեն Համայն Հայութեան
Նոր Տարին Եւ Ս. Ծնունդը,
Յոյս Յայտնելով, Որ Հայ Ժողովուրդի
Յաղթարշաւը Շարունակուի Նաեւ 2018ին
In Memory of
Prof. Harut
Barsamian
Փրոֆ. Յարութ Պարսամեանի Յիշատակին
Թամարա Պարսամեան
Տոքթ. Շաւարշ
Եւ Տիկ. Մարիա Քրիսեան
Կ՛ողջունենք
«Ասպարէզ»ի Ազգօգուտ Աշխատանքը
Շնորհաւորելով
Նոր Տարին
Եւ Ս. Ծնունդը
ՏՈՔԹ. ԵՒ ՏԻԿ. ՄԱՐՔ ԵՒ ՓԸՐԼԱ ՔՈԹՈՅԵԱՆ ԵՒ ԶԱՒԱԿԸ՝ ՐԱՖՖԻ
Կը Շնորհաւորենք
Համայն Հայութեան
Նոր Տարին
Եւ Ս. Ծնունդը
Կը Շնորհաւորենք
Համայն Հայութեան
Նոր Տարին
Եւ Ս. Ծնունդը
Տէր եւ Տիկ. Խաժակ
եւ Հիլտի Սարգիսեան
Սան Ֆրանսիսքօ