ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ
Քորէայի հիւսիսային գօտիին մէջ, Չոնկչոն գետի ափերուն, 1950 Նոյեմբերի վերջաւորութեան մղուած բուռն կռիւներէն ետք ամերիկեան եւ հարաւքորէական ուժերը պաշտպանական նոր գիծեր հաստատեցին, իսկ չինացիք աշխատեցան կտրել ամերիկեան եւ հարաւքորէական ուժերու ճանապարհները:
Թրքական զօրագունդը, զօրավար Թահսին Եազըճըի հրամանատարութեամբ՝ կեդրոնացաւ Վավոն գիւղին շուրջ, կասեցնելու համար չինական յառաջխաղացքը:
Սակայն, թրքական զօրքը կապի ու հաղորդակցութեան եւ համակարգումի լուրջ դժուարութիւններ կը դիմագրաւէր: Անոնք ո՛չ անգլերէն կը հասկնային, ո՛չ քորէերէն եւ ոչ ալ միջավայրին ու պայմաններուն ծանօթ էին:
Հարաւքորէական 200 հոգինոց ջոկատ մը Թոքչոնէն ճամբայ ելաւ միանալու թրքական զօրքին, բայց թուրքերը զանոնք չինացի կարծելով կրակ բացին եւ սպաննեցին 14 ու վիրաւորեցին 6 զինուորներ:
Թուրքեր Վավոնի մէջ պաշտպանական դիրքեր եւ դէպի հիւսիս-արեւելք կիսաշրջանակային օղակ հաստատեցին:
Չինական 114րդ զօրաբանակի 38րդ զօրագունդը, զօրավար Ժայ Ժոնկիուի հրամանատարութեան տակ, գիշերային յարձակումով մը քանդեց թրքական առաջին դիրքերը:
Թուրքերը արագօրէն պաշտպանական նոր դիրքեր գրաւեցին Վավոնի շուրջ: Չինացիք գրոհի անցան թրքական պաշտպանական դիրքերուն վրայ եւ սկսան յառաջանալու: Թուրքերը պաշարուեցան եւ ձեռնամարտի մտան. բախումը եղաւ կարճ, բայց աղիտալի: Թուրքեր շուրջ 400 սպաննուած տալէ ետք, պաշարման շղթան քակեցին եւ նահանջեցին դէպի արեւմուտք, Սինիմ-ռի գիւղը:
Չինացիք Վավոնի շրջակայ բլուրները գրաւելէ եւ դիրքեր հաստատելէ ետք Սինիմ-ռիի ճամբաները կտրեցին եւ արագ յարձակումով մը թրքական զօրքերը հրետանային ուժեղ կրակի տակ առին: Թրքական հրամանատարական կեդրոնին եւ դիրքերուն միջեւ կապը կտրուեցաւ: Չինացիք նոր ուժեր իջեցուցին եւ պաշարման շղթայ հաստատեցին: Թուրքերը, մեծ կորուստներ տալէ ետք՝ նահանջեցին:
* * *
Չոսին ջրամբարը կը գտնուի Քորէայի հիւսիս-արեւելեան կողմը: Չոսին ճափոներէն հնչումն է. քորէիրէն անիկա կը կոչուի Չանկճին ջրամբար: 126 քիլոմեթր երկարութեամբ ճակատի գիծը կը սկսէր Հունկնամէն եւ ձիւնածածկ լեռներէն ու Ֆունչիլին եւ Թոքթոնկ լեռնանցքներէն անցնելով, կը հասնէր Չոսին ջրամբար: Եուտամի-նի եւ Սինհունկ-նի գիւղերը կը գտնուին ջրամբարին արեւմտեան եւ արեւելեան կողմերը: Հոնկէ ճամբան կը շարունակուի դէպի Հակապրու-ռի, կ՛անցնի Քոթօ-ռիէն եւ կը հասնի Հունկնամ նաւահանգիստ: Ճամբան դարձդարձիկ է, ժայռոտ եւ կան ցից բարձունքներ: Շրջանը ցանցառ բնակչութիւն ունի:
Ամերիկեան ուժերը, զօրավարներ Էտուըրտ Ալմոնտի եւ Օլիվըր Սմիթի հրամանատարութեան տակ՝ շարժեցան դէպի Չոսին ջրամբար եւ տեղաբաշխուելով պաշտպանական դիրքեր հաստատեցին:
Սառնաշունչ ձմեռ էր եւ ջերմաստիճանը զերոյէն վար 35 ցոյց կու տար: Ամէն կողմ՝ ձիւն ու սառոյց: Զինուորները ցուրտէն պաշտպանուելու անհրաժեշտ հագուստներ չունէին եւ կը սառէին. բժշկական օգնութիւն հասցնելը դժուար էր եւ մորֆին կը ներարկէին: Ուտեստեղէն հասցնելն ալ դժուար էր: Հրետանին ալ անբաւարար էր:
Զօրավար Սմիթի հրամանով պաշտպանական ամուր յենակէտեր հաստատուեցան եւ օդանաւերու էջքի համար Հակարու-ռիի եւ Քոթօ-ռիի մօտակայ հարթ վայրերը մաքրուեցան: Ջրամբարին անմիջական շրջակայքը ամերիկացիք պաշտպանական մէկ գիծ հաստատեցին: 9րդ բանակը ութ զօրագունդ կեդրոնացուցած էր ճակատի գիծին վրայ, գլխաւորաբար՝ Եուտամի-նիի եւ Սինհունկ-նիի միջեւ:
Չինացիք 120 հազար զինուոր կեդրոնացուցին ջրամբարին շուրջ: Անոնք որոշեցին նախ Եուտամի-նիի եւ Սինհունկ-նիի ամերիկեան դիրքերը ջախջախել, այնուհետեւ շարժիլ դէպի Հակարու-ռի եւ բնաջնջել 9րդ բանակը:
Չինացի զինուորներն ալ անհրաժեշտ հագուստներ չունէին, ցուրտէն կը սառէին եւ սննդեղէնի տագնապ կը դիմագրաւէին:
1 Դեկտեմբեր 1950ի առաւօտուն, ամերիկացիք յարձակման անցան, բայց չինական ուժեղ դիմադրութեան առջեւ կանգ առին եւ քաշուեցան, որմէ ետք բարձունքներուն վրայ նոր դիրքեր հաստատեցին եւ աշխատեցան Հակարու-ռին իրենց ձեռքը պահել:
Չինական բանակը երկու ուղղութեամբ հակայարձակման անցաւ. մէկ թեւը Եուտամի-նիի ուղղութեամբ քալեց, իսկ միւս թեւը Քոթօ-ռիի հարաւը հասաւ:
Գիշերը կռիւները սաստկացան եւ անխնայ ռմբակոծումները շարունակուեցան մինչեւ առտու: Ամերիկեան ուժերը Եուտամի-նիէն քաշուեցան եւ պաշտպանական նոր դիրքեր հաստատեցին:
1419ի բարձունքին չինական դիրքերը խոցելի էին: Ամերիկացիք գրաւեցին բարձունքը եւ սկսան յառաջանալու դէպի լեռները, ճամբուն արեւելեան կողմը իրենց հակակշիռին տակ պահելու դիտաւորութեամբ: Քանի մը ժամուան կռիւներէ ետք մարինզները բացին Եուտամի-նիի եւ Հակարու-րիի ճամբան:
Երեկոյեան, մինչ չինական ուժերը, յոգնած՝ իրենց առաջին հանգիստը կ՛առնէին, ամերիկացիք օդային յարձակման անցան եւ ծանր կորուստներ պատճառեցին անոնց:
Դեկտեմբեր 3ին եւ 4ին ամերիկեան ուժերը յառաջխաղացք արձանագրեցին, մինչ չինացիք նահանջեցին դէպի հիւսիս:
Ջրամբարին արեւելեան կողմէն յառաջանալով, ամերիկացիք շարժեցան դէպի Մուփիոնկ-նի, ուր չինացիք բուռն դիմադրութիւն ցոյց տուին: Արիւնահեղ գօտեմարտեր մղուեցան. ամերիկեան ուժերը ծանր հարուած ստացան եւ 2500 մարինզներէն 1050 հոգին միայն կրցաւ խոյս տալ դէպի Հակարու-ռի:
Ամերիկացիք երկու գումարտակ զօրք տեղակայած էին Հակարու-ռիի մէջ: Ստեղծուած կացութեան առջեւ անոնք պաշտպանական նոր գիծեր հաստատեցին: Մարինզներու շարքերուն մէջ դիրքային նոր դասաւորումներ կատարուեցան:
6 Դեկտեմբերին, չինացիք յարձակման անցան Հակարու-ռիի վրայ: Ամբողջ օրը կռիւը շարունակուեցաւ փոփոխակի յաջողութիւններով: Գիշերը չինացիք յարձակումը սաստկացուցին:
Մարինզներ, մութ գիշերուան մէջ հակայարձակման անցան, Հակարու-ռիի եւ Քոթօ-ռիի միջեւ ճամբան բացին եւ գրաւեցին շրջակայ բարձունքները: Քիչ ետք, չինական հրետանին սկսաւ սաստկօրէն ռմբակոծելու ամերիկեան դիրքերը եւ ճամբաները. ստեղծուեցաւ քաոսային վիճակ: Գիշերային կռիւի մէջ մասնագիտացած մարինզներու ջոկատ մը արագ ու անակնկալ յարձակում մը շղթայազերծեց չինական դիրքերուն վրայ եւ մեծ վնասներ պատճառեց անոնց:
Չինացիք փորձեցին Ֆունչիլին լեռնանցքը եւ կամուրջը իրենց հակակշիռին տակ առնել: Արիւնահեղ մարտերէ ետք, 11 Դեկտեմբերին ամերիկացիք քաշուեցան Ֆունչիլին լեռնանցքէն եւ Հունկնամի պարագիծին շուրջ ամրացան:
Զօրավար Տակլըս ՄաքԱրթըր ուժերու նոր վերադասաւորում կատարեց: Հարաւքորէական ուժերը Հունկնամի նաւահանգիստին շուրջ պաշտպանական ամրութիւններ հաստատեցին, իսկ ամերիկեան ծովուժը սաստկօրէն սկսաւ ռմբակոծելու չինական դիրքերը, պաշտպանելու համար Հունկնամի պարագիծը:
Չինական յարաճուն յարձակումներուն առջեւ ամերիկեան եւ հարաւքորէական դիրքերը տկարացան: Ուժերու յարաբերակցութիւնը արագօրէն փոխուեցաւ: Չինական բանակին կողմէ հիւսիսային Քորէայի գրաւումը այլեւս կը նկատուէր անխուսափելի:
Արեւմտեան կողմէն շրջանցելով ամերիկեան զօրքերը՝ չինացիք շրջապատեցին զանոնք 420 հազարնոց բանակով եւ թեւային հարուած հասցուցին ամերիկեան 8րդ բանակին:
Ստեղծուած կացութեան առջեւ զօրավար ՄաքԱրթըր 8րդ բանակին հրամայեց նահանջել եւ 38րդ հորիզոնականին վրայ կեդրոնանալ: Զօրավար Ուալթըր Ուոլքըր՝ 8րդ բանակի հրամանատարը, 23 Դեկտեմբերին զոհ գնաց ինքնաշարժի մը արկածին:
Չոսին ջրամբարի յառաջացեալ դիրքերուն վրայ տեղակայուած ամերիկեան հետեւակազօրքի 7րդ գունդը հիմնովին ջախջախուեցաւ եւ բնաջնջուեցաւ:
25 Դեկտեմբերին, ամերիկեան 193 մարտանաւեր խմբուեցան Հունկնամի նաւահանգիստին մէջ: Խուճապային վիճակի մէջ 105 հազար զինուորներ եւ 98 հազար քորէացի քաղաքայիններ լեցուեցան նաւերը եւ Պուսան փոխադրուեցան:
Ժամը 14:36ին, ամերիկեան վերջին նաւը հեռացաւ նաւահանգիստէն:
25 Դեկտեմբերի առաւօտուն, չինական ուժերը մտան Հունկնամ եւ քանդեցին նաւահանգիստը:
Արեւելեան ռազմաճակատը այսպիսով տապալեցաւ: Ամերիկացիք փութով պաշտպանական գիծեր սկսան կառուցելու արեւմտեան գօտիին մէջ:
Չոսին ջրամբարին շուրջ կռիւներուն ամերիկացիք եւ հարաւքորէացիք, պաշտօնական տուեալներու համաձայն, 13,900 զոհեր տուին: Չինացիք տուին 19,202 (ոչ պաշտօնական տուեալներով՝ 60 հազար) զոհեր, եւ շուրջ 30 հազար չինացի զինուորներ ալ ցուրտէն մահացան:
Հիւսիսային Քորէայի մեծ մասը վերագրաւուեցաւ չինական ուժերուն կողմէ: Քիմ Իլ-Սունկ հիւսիսքորէական բանակը սկսաւ վերակազմելու եւ զայն չինական հրամանատարութեան ենթարկեց: Ան Մաօ Ցէ Թունկէն խնդրեց պատերազմը շարունակել, մինչեւ ամբողջ Քորէայի ազատագրումը:
* * *
Չինական եւ հիւսիսքորէական ուժերը 31 Դեկտեմբեր 1950ի երեկոյեան լայնածաւալ յարձակողականի անցան 38րդ հորիզոնականին վրայ տեղակայուած ամերիկեան եւ հարաւքորէական ուժերուն դէմ:
Ամերիկեան 8րդ բանակը, որուն հրամանատարութիւնը ստացած էր զօրավար Մաթիու Ռիտկուէյ, Իմճին գետի երկայնքին պաշտպանական դիրքեր հաստատած էր Սէուլը պաշտպանելու համար: Սէուլ, Հան գետի ափին, կը գտնուի 38րդ հորիզոնականէն 56 քիլոմեթր հարաւ:
Չինացիք յարձակման անցան Իմճին գետի ափերէն, թերակղզիի արեւմտեան կողմէն եւ սկսան յառաջանալու կեդրոնական գօտիին մէջ գտնուող Չունչոնի ուղղութեամբ: 33ի ճամբան, 38րդ հորիզոնականէն անցնելով՝ կը հասնէր Սէուլ: Այլ ճամբայ մըն ալ, Իմճինի վրայէն Քեսոնկը, Մունսանը եւ Քոյանկը կը կապէր Սէուլի: Ուրիշ ճամբայ մըն ալ Չունչոնէն կ՛ուղղուէր դէպի Սէուլ:
Ձիւն-ձմեռ էր, Իմճին եւ Հան գետերը սառած էին եւ ջերմաստիճանը զերոյէն վար 20 ցոյց կու տար:
Ամերիկեան առաջին եւ 9րդ զօրագունդերը Իմճին եւ Հան գետերը պաշտպանելու պարտականութիւն ստանձնած էին, մինչ հարաւքորէական երրորդ զօրագունդը Չունչոնի շուրջ տեղակայուած էր:
Արագ եւ վճռական հարուածով մը չինացիք սկսան յառաջանալու դէպի հարաւ՝ շրջափակելու համար ամերիկեան եւ հարաւքորէական ուժերը: Կէս գիշերին ճակատի գիծը խորտակուեցաւ:
1 Յունուար 1951ի առաւօտուն, հարաւքորէական ուժերը արագօրէն նահանջի ճամբան բռնեցին: Զօրավար Ռիտկուէյ հրամայեց կասեցնել չինական յառաջխաղացքը եւ դիմադրութիւն կազմակերպել, բայց հարաւքորէական ուժերը շարունակեցին նահանջը:
Իր կարգին, Հարաւային Քորէայի նախագահ Ռի Սինկման հրամայեց իր զօրքերուն դիմադրել, բայց ապարդիւն:
Երեկոյեան, Իմճին եւ Հան գետերու ամերիկեան դիրքերը վտանգուեցան: Չինացիք 14 քիլոմեթր յառաջացան եւ թեւանցեցին ամերիկեան ուժերը:
ՉԻՆԱԿԱՆ ՈՒԺԵՐԸ ՍԷՈՒԼԻ ՄԷՋ
2 Յունուարի առաւօտուն, չինական ուժերը կանգ առին եւ սկսան պատրաստուելու, ամերիկեան 8րդ բանակը ամբողջովին շրջափակելու դիտաւորութեամբ:
Հարաւքորէական նահանջող ուժերուն միջեւ կապը կտրուած էր: Անոնցմէ կարգ մը միաւորներ արդէն վոնճու հասած էին:
3 Յունուարի առաւօտուն, զօրավարներ Ռիտկուէյ, Ֆրանք Միլպըրն եւ Ճոն Քուլթըր խորհրդակցեցան եւ որոշեցին պարպել Սէուլը: Ամերիկեան ուժերու կարգ մը միաւորներ ուղղուեցան դէպի արեւմուտք՝ Քոյանկ, այլ միաւորներ ալ արեւելեան ուղղութեամբ շարժեցան:
Չինացիք որոշած էին պաշարել Սէուլը եւ հոն բնաջնջել ամերիկեան ուժերը, բայց անոնց նահանջը անակնկալի բերաւ զօրավար Փենկը, որ հրամայեց յարձակման անցնիլ ամերիկեան նահանջող զօրքերուն ուղղութեամբ: Քանի մը դիրքերու վրայ ձեռնամարտեր մղուեցան:
Անգլիական եւ աւստրալիական զօրամիաւորումները ամերիկեան ուժերուն հետեւելով՝ Սէուլի իրենց դիրքերը պարպեցին:
4 Յունուարի առաւօտեան ժամը 7:40ին, ամերիկեան 9րդ զօրագունդի վերջին զինուորները հեռացան Սէուլէն:
Չինական ուժերը արագօրէն կը յառաջանային եւ ճակատի գիծը խորտակուած էր: Սէուլ սաստկօրէն կը ռմբակոծուէր:
Բրիտանական հետեւակազօրքի 29րդ զօրագունդը, որ տակաւին իր դիրքերուն վրայ կը գտնուէր, ժամը 8ին հրաման ստացան հեռանալու Սէուլէն:
Նոյն պահուն հարաւքորէական կառավարութիւնը լքեց Սէուլը:
Չինական ուժերը արդէն հասած էին Սէուլի դռերը: Քաղաքին մէջ մնացած էր միայն ամերիկեան հետեւակազօրքի 27րդ զօրագունդը, որ քանի մը դիրքերու վրայ տկար դիմադրութենէ ետք, կէսօրէն ետք ժամը 2ին սկսաւ նահանջելու եւ անցաւ Հան գետը: Քիչ ետք չինական եւ հիւսիսքորէական ուժերը մտան ամայացած մայրաքաղաքէն ներս: Քաղաքացիներէն շատեր սառած գետին վրայէն անցնելով, փախուստ տուած էին դէպի հարաւ: Քաղաքապետարան հասնելէն ետք, չինական ուժերը Հիւսիսային Քորէայի դրօշակը բարձրացուցին:
5 Յունուարին, չինական եւ հիւսիսքորէական ուժերը յարձակման անցան Քիմփօ օդակայանին եւ Ինչոնի ուղղութեամբ:
7 Յունուարին, Ինչոնը գրաւելէն ետք, չինական ուժերը կանգ առին:
Սէուլի կռիւներուն ամերիկացիք տուին 481, բրիտանացիք՝ 300, աւստրալիացիք՝ 9 զոհեր. հարաւքորէական զոհերուն թիւը կը հասնէր քանի մը հազարը: Չինացիք տուին 5800, հիւսիսքորէացիք՝ 2700 զոհեր:
Չինական եւ հիւսիսքորէական ուժերու յառաջխաղացքը կասեցնելէ ետք, ամերիկեան հրամանատարութիւնը հակայարձակման որոշում կայացուց: Զօրավար Տակլըս ՄաքԱրթըր մինչեւ իսկ մտածեց հիւլէական ռումբերով հարուածել Հիւսիսային Քորէան եւ Չինաստանը:
Wishing
Our Customers,
Friends & Family
Peace, Love & Joy
This Christmas
& Throughout
The New Year!
Modella
Uniforms
La Crescenta – Pasadena
Հոլիվուտ
ՀՅԴ «Գարեգին Նժդեհ» Կոմիտէ
ՀԵԴ «Մուսա Տաղ» Ուխտ
ՀՅԴ «Թեհլիրեան» Պատանեկան Միութիւն
ՀՕՄի Լոս Անճելըսի «Մայր» Մասնաճիւղ
ՀՄԸՄի Լոս Անճելըսի Մասնաճիւղ
Հոլիվուտի Հայ Դատի Յանձնախումբ
Ս. Կարապետ Հայց. Առաք. Եկեղեցւոյ
Հովիւ, Հոգաբարձութիւն
Եւ Յարակից Մարմիններ
Ռոզ Եւ Ալէք Փիլիպոս Ազգ. Վարժարան
ՀՕՄի «Մարի Փոստոյեան» Մանկամսուր
Ամանորի Եւ Ս. Ծնունդի
Տօներուն Առիթով՝
Շնորհաւորութիւններ
Եւ Յաջողութեան Մաղթանքներ
Հայաստանի, Արցախի, Արտերկրի,
Ինչպէս Նաեւ Հոլիվուտի Հայութեան