ԵՐԵՒԱՆ, «Արմռադիօ».- Լրագրող Լիլիթ Մուրադեան կը հաղորդէ, որ ժողովրդագիր Ռուբէն Եգանեան յայտարարած է, թէ ժողովրդագրական վիճակին վերաբերեալ կատարուած հետազօտութիւնները ցոյց կու տան, որ Հայաստանի մէջ տնային տնտեսութիւններուն 35 տոկոսէն աւելին, վերջին 3-4 տարիներուն ընթացքին որոշ ձեւով մասնակցած է գաղթի գործընթացներու:
Ուսումնասիրութեան տուեալներուն համաձայն՝ 2016ի հետ համեմատած՝ 2017ին գաղթը 2.5 տոկոսով աճած է. գաղթողներուն թիւը անցած է 40 հազարի շեմը:
Հայաստանէն արտագաղթի հոսքերը կը շարունակեն զանգուածային բնոյթ կրել: Նախորդ տարուան հետ համեմատած՝ 2 տոկոս աճ նկատուած է: Վիճակագրութիւնը լրագրողներուն ներկայացնող ժողովրդագիր Ռուբէն Եգանեան յայտնած է, որ 2018ին ծնելիութեան աւելի ցած մակարդակ պիտի արձանագրուի, քան այս տարի: Ըստ Եգանեանի՝ վերարտադրողական տարիք մտած են 90ականներու կէսերուն ծնածները, որոնք թուաքանակով քիչ են:
Եգանայեանի կարծիքով, արտագաղթի հոսքերուն համար արտաքին լուրջ գործօն հանդիսացած է Հայաստանի Եւրասիական տնտեսկան շուկային անդամակցութիւնը: Օրինական հիմքերով, պայմանագիրներով արտերկրի մէջ աշխատելու հեռանկարը գայթակղած է հազարաւոր մարդիկ: