ԵՐԵՒԱՆ, «ՓանԱրմինիըն».- 7 ամիս ատրպէյճանական բանտին մէջ անցուցած ապա Իսրայէլին արտայանձնուած ռուսահպատակ լրագրող Ալեքսանդր Լափշին մտադիր է դարձեալ Հայաստան այցելել:
«Ինծի կը թուի, թէ Հայաստանի մէջ ամէն տեղ գտնուած եմ, կամ գրեթէ ամէն տեղ: Շատ հետաքրքրական մարզ մը է Սիւնիքը. անիկա կը գտնուի երկրի հարաւը՝ հիւսիսէն Արցախի, արեւելքէն Նախիջեւանի եւ հարաւէն Իրանի միջեւ: Այնտեղ հիասքանչ լեռներ կան, կիրճեր, ջրվէժներ եւ Հայաստանի ամենավտանգաւոր ճանապարհը։ Շատ շուտով Հայաստան կ՛այցելեմ, կ՛աշխատիմ մեքենայ վարձել ու կ՛ուղեւորուիմ այնտեղ: Պարտաւոր եմ յաղթահարել այդ ճանապարհը, շատ կը փափքիմ, որ նոյնիսկ ուտելու դժուարութիւն ունիմ», կը գրէ Լափշին իր «ֆէյսպուք»ի էջին վրայ: