ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ
Դաշնակցութեան Օրուան նշանակութեան, անոր բնոյթին ու իմաստին մասին աւանդական բանաձեւումը կրնայ շատերը գոհացնել: Կարիք կա՞յ այլ իմաստներ փնտռելու այդ օրուան կազմակերպման ու ներկայացման մէջ: Թերե՛ւս:
Ընդհանրապէս այս ձեռնարկը կը նկատենք հաշուետուութեան օր, շրջանի դաշնակցական կառոյցի եւ ընդհանրապէս կուսակցութեան համազգային գործունէութեան՝ ընդհանուր աշխատանքներուն մասին զեկուցելու, հանրութիւնը տեղեկացնելու առիթ: Քաղաքական պայմաններէ մեկնելով, երբեմն կուսակցութեան պատգամը կամ պահու քաղաքական վիճակի վերլուծումը աւելի շատ կը ներկայացուի իբրեւ առաջնորդող ու ուղղորդող խօսք:
Անցեալը, այսօրուան օրակարգը ու յառաջիկայ ծրագիրները, այս բոլո՛րը իմանալու ակնկալութիւնը ունի ձեռնարկին ներկայ եղող Դաշնակցութեան համակիրը: Մնացեալը, որ ընդհանրապէս նոյն պատգամին գեղարուեստական մատուցումն է՝ երգերով, պարերով թէ տեսերիզով, կրնայ պարզապէս հոգեկան յաւելեալ բաւարարութիւն ընծայել Դաշնակցութեան դաւանած արժէքներով ապրող հանդիսատեսին:
Կարելի է նաեւ ձեռնարկը նկատել քննութեան պահ մը՝ արժեւորելու հանդիսատեսին հակազդեցութիւնը, անոր ոգեւորութեան աստիճանը՝ ունկնդրած պատգամին կամ ընդհանրապէս ստեղծուած մթնոլորտին վերաբերեալ: Այդ հակազդեցութիւնը կը գնահատուի կուսակցութեան կողմէ, կ՛արժեւորուի պատգամի հանրային ընկալումը, եւ եթէ որեւէ անհարթութիւն զգացուի՝ հետագայ յստակացումներ ու պարզաբանումներ մշակելու ազդանշան կը ստանայ կազմակերպութիւնը: Մէկ խօսքով՝ ձեռնարկը կարելի է նկատել երկխօսութեան իւրայատուկ միջավայր՝ համակիրներու եւ կուսակցականներու համար:
Ուրեմն, կը հրաւիրենք ձեզ ներկայ ըլլալու Կիրակի, Յունուար 14ին, ՀՅԴ Արեւմտեան Ամերիկայի Կեդրոնական կոմիտէին կազմակերպած Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան հիմնադրութեան 127րդ տարեդարձի տօնակատարութեան՝ ՀՅԴ Օրուան ձեռնարկին (ծանուցումը՝ էջ 16):
Կը սպասենք ձեզի։