– «Հակադարձելով» Թուրքիան ամերիկացիներու համար վտանգաւոր երկիր համարելու Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան նորագոյն որոշումին՝ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը Յունուար 12ին կոչ ըրած է Միացեալ Նահանգներ մեկնող իր քաղաքացիներուն, որ միշտ զգօն ըլլան եւ եթէ խիստ անհրաժեշտութիւն չըլլայ՝ ապա առնուազն որոշ ժամանակով յետաձգեն Միացեալ Նահանգներ իրենց այցը։ Թրքական կողմը նշած է, որ վերջերս Ամերիկայի մէջ աճած են ահաբեկչական գործողութիւնները, ձերբակալութիւնները, ինչպէս նաեւ ազգայնամոլ դրսեւորումները:
– Փաքիստանի պաշտպանութեան նախարարութիւնը յայտարարած է, որ Փաքիստան կասեցուցած է Միացեալ Նահանգներու հետ պաշտպանութեան եւ հետախուզութեան բնագաւառներուն մէջ համագործակցութիւնը՝ Իսլամապատի ելեւմտական օժանդակութիւնը սառեցնելու Ուաշինկթընի որոշումին պատճառով:
– Խուսափելու համար իր դէմ ծրագրուող բողոքի ցոյցերուն պատճառելիք վարկաբեկումէն, Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ Յունուար 12ին յայտարարեց, թէ որոշած է դարձեալ ջնջել յառաջիկայ ամիս Բրիտանիա կատարելիք իր այցելութիւնը՝ հարուած մը եւս հասցնելով արդէն իսկ վատթարացած երկկողմանի յարաբերութիւններուն։
– Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը զարմանք յայտնած է, որ Միացեալ Նահանգներ Ատրպէյճանը ներառած է ահաբեկչութեան վտանգ դիմագրաւող երկիրներու դասակարգին մէջ՝ պնդելով, որ վերջին տարիներուն աճած է այդ երկիրը մեկնող զբօսաշրջիկներուն թիւը։