ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».- Դեկտեմբեր 2017ին, Հայաստանի Ազգային Ժողովը ընդունեց ընտանեկան բռնութեան մասին օրէնքը, սակայն կանանց եւ երեխաներու դէմ տակաւին կը շարունակուին բռնութիւնները եւ կառավարութիւնը տակաւին չէ փոխած բռնութեան բողոքներուն ոստիկանութեան արձագանգելու էութիւնը: Այս մասին արձանագրուած է Մարդ-կային իրաւանց դէտի (Human Rights Watch) հրապարակած յօդուածին մէջ:
Կազմակերպութիւնը զրուցած է Հայաստանի մէջ ընտանեկան բռնութեան զոհ դարձած 12 կիներու հետ, որոնք բողոքած են, որ իրենց ամուսինները կամ սիրեցեալները ծեծած եւ բռնաբարած են զիրենք: Կարգ մը կանայք յայտարարած են, որ իրենց ամուսինները նաեւ բռնութիւն գործադրած են երեխաներուն նկատմամբ:
Բռնութեան ենթարկուած կիները դիմած են ոստիկանութեան եւ այլ պատկան մարմիններու, սակայն իշխանութիւնները ոչ մէկ քայլի դիմած են բռնութիւնը կանխելու կամ մեղաւորները պատասխանատուութեան ենթարկելու համար:
«Հայաստանի իշխանութիւններն ընտանեկան բռնութիւնից չեն կարողացել պաշտպանել կանանց եւ ընտանիքի այլ անդամներին՝ վտանգելով կանանց եւ երեխաների կեանքը եւ առողջութիւնը: Նոր օրէնքը կարեւոր քայլ է, բայց վտանգը կը շարունակի լինել, քանի դեռ իշխանութիւնները լրջօրէն չեն վերաբերւում ընտանեկան բռնութեան մասին հաղորդումներին եւ չեն ապահովում անհրաժեշտ իրաւական, բժշկական եւ սոցիալական օգնութիւնը կանանց եւ երեխաների համար», նշուած է Մարդկային իրաւանց դէտի Եւրոպայի եւ Կեդրոնական Ասիոյ գծով փոխտնօրէն Ճէյմզ Պիւքենըն: