ԵՐԵՒԱՆ, «Ազատութիւն».- Լրագրող Սարգիս Յարութիւնեան կը տեղեկացնէ, որ Էսթոնիան վաւերացուց Հայաստանի ու Եւրոպական Միութեան միջեւ ստորագրուած Համապարփակ եւ ընդլայնուած գործընկերութեան համաձայնագիրը՝ այդպիսով դառնալով Եւրոմիութեան 28 անդամ պետութիւններէն առաջինը, որ իր համաձայնութիւնը տուած է փաստաթուղթին:
Նշենք, որ համաձայնագիրը ուժի մէջ մտնելու համար պէտք է վաւերացուի Հայաստանի եւ Եւրոմիութեան բոլոր 28 անդամ երկրներուն կողմէ: