ՄՈՆԹԵՊԵԼԼՕ.- Շաբաթ, Փետրուար 10ին, երեկոյեան ժամը 6էն սկսեալ, Ս. Խաչ Մայր տաճարի «Բաղրամեան» սրահին մէջ տեղի պիտի ունենայ Ճորճ Մարտիկեանի յիշատակին նուիրուած ձեռնարկ մը, ի մի բերելով Համաշխարհային Բ. պատերազմէն ետք Միացեալ Նահանգներ հաստատուած ռուսահայ գաղութի ներկայացուցիչները։
Ձեռնարկը կը վայելէ հովանաւորութիւնը Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեանի եւ համահովանաւորութիւնը շրջանի «Դրօ» կոմիտէին, Մեսրոպեան Ազգ. վարժարանին եւ Ճորճ Մարտիկեանի ժառանգը մեծարող յանձնախումին՝ ատենապետութեամբ Գոհարիկ Կապ-րիէլի։
Ճորճ Մարտիկեան հիմնադիրներէն մէկն էր Անտունի հայերու օժանդակութեան Հայ ազգային յանձնախումբին, որ 1940ականներէն մինչեւ 80ականները՝ Եւրոպայէն, Միջին Արեւելքէն եւ մինչեւ իսկ Չինաստանէն մօտաւորապէս 25,000 հայեր Միացեալ Նահանգներ տեղափոխելու գործին օժանդակած է։ Անոնց մէջ եղած են նաեւ Մեսրոպեան Ազգ. վարժարանի հիմնադիրներէն ոմանք, ուստի ձեռնարկին հասոյթը պիտի տրամադրուի այդ վարժարանին։
Ձեռնարկի հանդիսավարն է Տէյվիտ Մոսիկեան, իսկ գեղարուեստական յայտագիրին պիտի մասնակցի «Հօշարեան» նուագախումբը։
Յաւելեալ տեղեկութեան կամ տեղեր ապահովելու համար, դիմել (562) 699-2057, (323) 440-7297 եւ (562) 201-1670 թիւերուն, կամ՝ info@mesrobian.org հասցէին։ Կը խնդրուի տեղեր ապահովել մինչեւ Յունուար 28։