Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ
Չորեքշաբթի, 10 Յունուարին, «Ասպարէզ» իր առաջին էջի ճակատին լոյս ընծայեց լրագրողի մը՝ Գայիանէ Սարիբէկեանի հաղորդած մէկ լուրը, ըստ որուն, վերջին 5 տարիներուն, Հայաստանի աւելի քան 15,000 քաղաքացի հրաժարած է քաղաքացիական իրաւունքէ։ Հակիրճ մանրամասնութիւնները ցոյց կու տային, որ հրաժարողներուն թիւը տարուէ տարի աւելցած է։ Ոչ մէկ յաւելեալ մեկնաբանութիւն կամ նկատողութիւն կ՛ընկերանար տրուած տեղեկութիւններուն։
Խմբագրութեան կողմէ լուրին տրամադրուած տեղը, ինքնին, լուռ բայց ուշագրաւ մեկնաբանութիւն մըն էր. թերթին ճակա՛տը։ Մեկնաբանութեան բացակայութիւնը, սակայն, պէտք չէ ընկալել այն մօտեցումով, թէ հարցը լուսանցքային է եւ չ՛արժեր մտահոգուիլ։ Իսկ այն իրողութիւնը, որ սա նոր հարց մը չէ, որովհետեւ վերջին տարիներուն յաճախ անդրադարձ եղած է հպատակութենէ հրաժարողներու թիւերու՝ չի նշանակեր, որ ստեղծուած է նոր տեսակի «սովորամոլութիւն» մը, այսինքն՝ նման տեղեկութիւններ պէտք է իմանալ «վաղը եղանակը անձրեւաբեր պիտի ըլլայ»ի տրամաբանութեամբ, ինչպէս որ նոյնպիսի սովորամոլութեամբ կարելի չէ դիտել արտագաղթի տագնապը…։
Այս «մանր» տագնապը նորութիւն չէ։ Եթէ նոյն թերթի անցեալ տարիներու թիւերը պրպտէք, պիտի տեսնէք, որ, օրինակի համար, 2015ին, տեղեկագրական բաւական ընդարձակ յօդուած մը ունի Լիլիթ Յարութիւնեանը, որ նոյն հարցը լուսարձակի տակ առած է՝ յայտնելով, որ 2006էն մինչեւ այդ օրերը՝ 2015, Հայաստանէն շուրջ 6.000 արտագաղթողներ հրաժարած են հպատակութենէ։ Հոն կան լուսաբանութիւններ, թէ մարդիկ ինչո՞ւ կը հեռանան հայրենիքէն ու կը հրաժարին իրենց այդ իրաւունքէն։ Այլ խօսքով, այս ցաւը աւելի քան տասը տարուան պատմութիւն ունի, ջուրին հոսանքը կը շարունակուի տարիներէ ի վեր ու ընդհանրապէս մնացած է «ընդյատակեայ»։
Արտագաղթի տագնապի ծիրին մէջ, «մասնակի» երեւոյթ է հրաժարումներու հարցը։ Նմանապէս վերջերս կը հաղորդուէր, որ բազմատասնեակ արտագաղթողներ միացած են այս հոսանքին։ Հպատակութենէ հրաժարման պատճառներուն մասին ալ յաճախ գրուած-խօսուած է. պատճառներէն մէկը, եթէ ոչ՝ գլխաւորը, Ռուսիոյ այն օրէնքն է, որ նախկին խորհրդային երկիրներէ իր հողերուն վրայ հաստատուողներ եթէ կ՛ուզեն ռուսահպատակ դառնալ, պէտք է հրաժարին իրենց մայր հպատակութենէն. աւելորդ է ըսել, որ ռուսահպատակ դառնալը ընկերային որոշ առաւելութիւններ կը բերէ անձին ու ընտանիքին։ Իսկ արտագաղթի հոսանքին գլխաւոր խորագիրը՝ երկիրին մէջ ապրուստի դժուարութիւններն են ու աշխատանքի դժուարութիւններու անլոյծ կամ քառորդ-լոյծ մնալը։ Մէկը ընտանիքը բաւարարելու չափ եկամուտ բերող գործ չի գտներ, երկրագործ մը պարտքերու տակ կ՛իյնայ եւ հազիւ իր արտին կամ պարտէզին հասոյթը ձեռք բերած՝ կը ստիպուի նոր պարտք ընելու, համալսարանաւարտներ ապրուստ ապահովելու բաւարար գործ չեն գտներ, «ասպարէզ» կը փոխեն կամ կը հեռանան երկրէն. եւ այսպէս՝ թելը կ՛երկարի եւ օր մըն ալ կը փրթի, այլ երկինքներու տակ ապրուստ ապահովելու գացողը ստիպուած կ՛ըլլայ ենթարկուելու նոր տան օրէնքներուն։ Հայրենասիրութեան քարոզները կամ զգացական յորդորներ կը դառնան իմաստազուրկ։ Երբ մարդս անօթի է ու ելք չի գտներ…
Հարցը դրական երես մը ունի՞։ Այո. Հայաստանի հպատակութեան օրէնքը լուսաւոր երես մը ունի. հպատակութենէ հրաժարող մը վերջնականապէս չի կորսնցներ հպատակութեան իրաւունքը (այլ երկիրներ ալ նման օրէնք ունին)։ Ուրիշ դրական երես մըն ալ այն է, որ բազմատասնեակ հազարաւոր սփիւռաքահայեր, մանաւանդ սուրիահայեր վերջին տարիներուն ստացած են Հայաստանի հպատակութիւն. անոնցմէ մաս մը բնակութիւն հաստատած է Հայաստան, սակայն միւսները կը մնան Սփիւռքի տարածքին։
Այս լուսաւոր երեսները չեն նշանակեր, որ արտագաղթի շրջագիծին մաս կազմող այս «կողմնակի» հարցը պէտք է աչքաթող մնայ։ Հայաստանի իշխանութիւններէն կը սպասուի այս ու նմանօրինակ տագնապներու լուծումներ որոնել ու գտնել, երկրին ու ժողովուրդին բարօրութիւն ապահովող միջոցառումները արագացնել, վերջ տալով որոշ խմբակի մը շահերու պահպանման ընթացքին, այսիքն՝ լծուիլ իսկական հայրենակերտումի, եւ ոչ թէ բաւարարուիլ առաւելաբար քարոզչական վերակերտումով։ Փաստօրէն, այլ երկիր գացող-հաստատուողը վաղը պիտի սկսի որոնելու ու գտնելու «շօշափելի» պատճառներ՝ վերադարձի անկարելիութիւնը արդարացնելու համար։ Եւ ձուլումը այսպիսով կ՛ընդարձակէ իր հունը։
Հանրապետութեան 100ամեակի տօնակատարութիւնը այսպիսի հրամայականներ ալ կը յուշէ մեզի, ըլլանք իշխանաւոր թէ ընդդիմադիր, ըլլանք Հայաստանի բնակիչ թէ սփիւքեան այս կամ այն օճախի զաւակ։ Հարց(եր)ը լուսարձակի տակ բերելը բաւարար չէ, դարման գտնելն ու իրականացնելը աւելի՛ կարեւոր են։ Ու մեր խօսքը անկարելի բաներու մասին չէ…
14 Յունուար 2018