ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ.- Այս տարի, Հայաստան համահայկական հիմնադրամին միջոցներով Մարտունիի, Ասկերանի եւ Հադրութի շրջաններուն մէջ շուրջ 870 հեկտար հողատարածքներու ոռոգման համար շուտով պիտի սկսի 37 խորքային հորերու կառուցման ծրագիրը:
Այս մասին, ըստ «Արցախփրես»ի՝ յայտնած է Արցախի գիւղատնտեսութեան նորանշանակ փոխնախարար Տիգրան Ծատրեան եւ աւելցուցած, որ ներկայիս հիմնադրամին կողմէ կ՛իրականացուի նախագիծերու պատրաստումը, որուն պիտի յաջորդեն շինարարական աշխատանքները:
«Ծրագիրը ընդհանրապէս պիտի իրականացուի նախապէս հողերու սեփականաշնորհման ժամանակաշրջանին բնակիչներու կողմէ ձեռք բերուած այգիներու մէջ. անոնցմէ պիտի օգտուին շուրջ 850 հողագործներ: Իսկ ինչու Մարտունիի, Ասկերանի եւ Հադրութի շրջանները ընտրուած են. ըսեմ, որ ատիկա պատահական չէ եղած, որովհետեւ նախապէս կատարուած ուսումնասիրութիւններու համաձայն՝ այդ շրջաններուն մէջ վերգետնեայ ջրային աղբիւրները քիչ են», յայտնեց փոխնախարարը:
Ըստ փոխնախարարին՝ բացի «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամին կողմէ յատկացուած միջոցներէն՝ 2018ի պետական պիւտճէով գիւղատնտեսութեան նախարարութիւնը եւս նախատեսած է գումարներ նոր ոռոգման համակարգերու եւ խորքային հորերու կառուցման, ինչպէս նաեւ ջրանցքներու եւ ջրամբարներու սպասարկման համար, որոնց իբրեւ արդիւնք պիտի աւելնան ոռոգման տարածքները:
«Ընթացիկ տարուան մէջ պետական պիւտճէով արտեզեան ջրհորներու կառուցման եւ վերանորոգման համար կը նախատեսուի ծախսել 300 միլիոն դրամ, ջրախնայողական արհեստագիտութեան համար՝ 335 միլիոն, իսկ ջրամբարներու, ջրանցքներու եւ ջրատարներու կառուցման ու վերանորոգման համար՝ 200 միլիոն դրամ: Նախարարութեան կողմէ այժմ կը մշակուի մէկ այլ ծրագիր, ըստ որուն՝ առաւել քան 1 հեկտար հողատարածքներ ունեցող հողագործները ջուրի առկայութեան պայմաններուն մէջ պիտի կարենան օգտուիլ կաթիլային ոռոգման համակարգի տեղադրման պետական աջակցութենէն», ըսաւ Տ. Ծատրեան՝ աւելցնելով.
«Սակայն, այստեղ կան շարք մը հարցեր, որովհետեւ հաշուի առնելով այն բանը, որ ներկայիս ոռոգման կաթիլային համակարգը կը տեղադրուի հողագործներու կողմէ, յաճախ ժամանակի կամ ոչ ճիշդ տեղադրման արհեստագիտական հարցեր կը յառաջացնէ: Այդ նպատակով յետագային կը նախատեսուի գործընթացը իրականացնել կեդրոնացուած ձեւով: Մասնաւորապէս, հողագործին կողմէ յայտի ներկայացման պարագային՝ գիւղնախարարութիւնը մասնագիտացուած կազմակերպութեան հետ պիտի կնքէ պայմանագիր եւ կաթիլային համակարգը պիտի տեղադրուի ամենակարճ ժամանակամիջոցի մը մէջ, ապահովելով նաեւ երաշխաւորուած սպասարկում: