Փայլանի յայտարարութեան մէջ կը նշուի, որ որոշ մութ ուժեր, համագործակցելով կարգ մը մարդոց հետ՝ կը փորձեն կեղծել հայութեան պահանջները: Ան գրած է, թէ հակառակ թերթի պնդումներուն՝ պատրիարքի ընտրութեան առաջին իսկ օրէն ինք ոչ մէկ թեկնածուի զօրակցած է, միաժամանակ շեշտելով, որ հայ համա՛յնքն է, որ պիտի ընտրէ պատրիարքը։
Փայլան նաեւ շեշտած է, թէ ժողովրդավարական համայնքներու մէջ ճգնաժամերը կը լուծուին միայն ժողովրդավարական ընտրութիւններով: «Իբրեւ հայ համայնք՝ մենք կ՛ուզենք վերջ դնել քաոսին եւ իրականացնել մեր իրաւունքը հանդիսացող այս ընտրութիւնները: Ես ամէն տեղ կը բացատրեմ, թէ ասիկա կը բխի նաեւ Թուրքիո՛յ շահերէն», գրած է հայ պատգամաւորը:
Յիշեցնենք, որ «Աքշամ»ի հրապարակումին մէջ, Կարօ Փայլանը ներկայացուած էր իբրեւ քրտամէտ կուսակցութեան գործիք, որ կը փորձէ խափանել պատրիարքի ընտրութիւնները եւ ընտրել տալ Հայաստանի եւ Սփիւռքի մօտիկ թեկնածու մը:
«Կը պախարակեմ բոլոր անոնք, որոնք դեր ունին այս եւ նմանօրինակ անըմբռնելի պնդումներով լեցուն լուրեր յերիւրելու գործին մէջ», եզրակացուցած է Փայլան՝ աւելցնելով, որ հերքումի նամակ մը յղած է նաեւ նոյն թերթին։