ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.- «Լարք» երաժշտանոցին կազմակերպած «Դիլիջան» սենեկային երաժշտութեան 13րդ համերգաշարին չորրորդ ձեռնարկը տեղի պիտի ունենայ Կիրակի, Յունուար 28ին, կ.ե. ժամը 3էն սկսեալ, Լոս Անճելըսի քաղաքամէջը գտնուող «Քոլպըռն» երաժշտանոցի «Զիփըր» համերգասրահին մէջ (200 S. Grand Ave., Los Angeles, CA 90012):
«Խոստովանութիւններ» խորագրուած այս համերգին պիտի ներկայացուին համաշխարհային երկու անդրանիկ կատարումներ Վահրամ Սարգսեանէն եւ Արտաշէս Քարթալեանէն, ինչպէս նաեւ՝ Մոտեսթ Մուսորկսքիէն ու Կիորկի Լիկեթիէն ստեղծագործութիւններ:
Սոյն համերգի գլխաւոր մենակատարներն են Վլատիմիր Չեռնով, Նիլ Սթալպըրկ, Շուշիկ Պարսուման, «Լարք»ի երգչախումբը եւ «Դիլիջան» սենեկային նուագախումբը՝ խմբավարութեամբ Վաչէ Պարսումեանի։
Կազմակերպիչները նաեւ կը տեղեկացնեն, թէ տոմսերուն վրայ համերգին թուականը սխալմամբ տպուած է՝ «Յունուար 18», որ պէտք է ըլլայ «Յունուար 28», ներողութիւն խնդրելով շփոթին համար։
Համերգի տոմսերուն սակը 20 կամ 35 տոլար է, իսկ ուսանողներու համար՝ 15 տոլար:
Տեղեր ապահովելու համար, դիմել (818) 500-9997 թիւին, կամ այցելել dilijan.larkmusicalsociety.com կայքը: