ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.- Շարք մը մրցանակներու թեկնածու ամերիկեան «Տը Փոսթ» ֆիլմը, որ լուսարձակի տակ կ՛առնէ 1971ին Փենթակոնի գաղտնի փաստաթուղթերուն առնչութեամբ ստեղծուած տագնապը, լուսարձակի տակ կ՛առնէ նաեւ հայ լրագրող Պեն Հայկ Պաղտիկեանի կարեւոր դերակատարութիւնը։
Բեմադրիչ Սթիվըն Սփիլպըրկի սոյն ֆիլմը մատ կը դնէ ցաւոտ հարցերու վրայ, ինչպէս՝ Վիեթնամի պատերազմին մէջ ամերիկացի զինուորներու բուն դերակատարութեան վերաբերեալ Ամերիկայի ժողովուրդն ու Ծերակոյտը խաբելը, այդ օրերու նախագահ Նիքսընի վարչակազմին կողմէ պատերազմը գրգռելն ու անոր յաջորդող մեծ գայթակղութիւնը։
Օրին, «Ուաշինկթըն Փոս»չ թերթը հրատարակեց այդ գաղտնի փաստաթուղթերը, երբ «Նիւ Եորք Թայմզ»ին արգիլուեցաւ այդ մէկը կատարել, որմէ ետք հարցը հասաւ Գերագոյն ատեան, ուր ամրագրուեցաւ մամլոյ ազատութեան իրաւունքը։ «Ուաշինկթըն Փոս»չի սեփականատէր Պիս Կրահամի եւ գլխաւոր խմբագիր Պեն Պրետլիի կողքին, այս բոլորին մէջ կարեւոր դեր ունէր գաղտնի փաստաթուղթերը գտնելու օժանդակած լրագրող Պեն Պաղտիկեանը, որուն դերը ֆիլմին մէջ ստանձնած է Պապ Օտրնքըրք։
2016ին մահացած Պաղտիկեանը երկար տարիներ աշխատած է «Ուաշինկթըն Փոս»չ թերթին։ Ան զաւակն է մարաշցի հայ ընտանիքի մը, որ Հայոց Ցեղասպանութենէն ետք կրցած է փախչիլ Ամերիկա։ Ան ծնած է Մարաշ՝ 1920ին, եւ 9 օրական եղած է, երբ ընտանիքը հեռացած է քաղաքէն։ Անոր հայրը՝ Արամ Պաղտիկեան, ուսուցիչ եղած է, իսկ մայրն էր Տուտեշ Տէյզի Ուվեզեան։