ԼԱ ՔՐԵՍԵՆԹԱ.- Ուրբաթ, Յունուար 12ի յետմիջօրէին, Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեան Ազգային առաջնորդարանին մէջ ընդունեց Գալուստ Կիւլպէնկեան հիմնարկութեան Հայկական համայնքներու բաժանմունքի տնօրէն դոկտ. Ռազմիկ Փանոսեանի այցելութիւնը։
Հանդիպման ներկայ էին առաջնորդական փոխանորդ Թորգոմ Ծ. վրդ. Տօնոյեան, Ազգային վարչութեան անդամ դոկտ. Գալուստ Ակոբեան, Խնամակալ մարմինի ու Ազգ. առաջնորդարանի հայերէնի վերաշխուժացման մարմինի անդամներ դոկտ. Յասմիկ Պարան եւ Ժորա Մանուչարեան։
Դոկտ. Ռազմիկ Փանոսեան Լոս Անճելըս կը գտնուէր Կիւլպէնկեան հիմնարկութեան նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած եռօրեայ գիտաժողովի մը առիթով, որուն նպատակն էր հայկական վարժարաններու տնօրէններուն ծանօթացնել հայերէնի դասաւանդութիւնը աւելի յաջող դարձնելու միջոցները։
Առաջնորդ սրբազանը ողջունեց Փանոսեանը եւ վեր առաւ Գալուստ Կիւլպէնկեան հիմնարկութեան կարեւոր ներդրումը՝ ընդհանրապէս հայ կրթական մարզի զարգացման եւ հայերէնի պահպանութեան ճիգերուն մէջ։ Ան մօտէն ծանօթացուց Ազգ. առաջնորդարանի հրատարակութիւնները, որոնք կ՛ընդգրկեն հայերէնի, հայոց պատմութեան ու Հայ Դատի դասագիրքերը, հոգեւոր ու մշակութային հատորներ, ապա նաեւ կանգ առաւ հայերէնի վերաշխուժացման մարմինին կազմութեան տուն տուող մտահոգութիւններուն, մարմինին տարած աշխատանքին ու մշակած ծրագիրներուն վրայ։
Փանոսեան շնորհակալութիւն յայտնեց սրբազանին՝ հանդիպումը կազմակերպելուն համար, եւ իր պատրաստակամութիւնը յայտնեց սատար հանդիսանալու կրթական ու հայերէնի պահպանութեան գծով առաջնորդարանի ծրագիրներուն։
Շուրջ մէկ ժամ տեւած հանդիպման, ներկաները ունեցան կարծիքներու փոխանակում եւ կարգ մը ծրագիրներու իրականացման մէջ նախնական համաձայնութիւն։