ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ.- Անցեալ տարուան ընթացքին, Արցախի մէջ իրականացուած է 16 միլիառ 324 միլիոն դրամի շինարարութիւն:
Այս մասին, ըստ «Արցախփրէս»ի՝ ըսած է Արցախի Հանրապետութեան քաղաքաշինութեան նախարար Կարէն Շահրամանեան: Ըստ նախարարին՝ միայն պետական պիւտճէէն՝ այս ոլորտին տրամադրուած է 11 միլիառ 700 միլիոն դրամ:
«Յատկացուած գումարներով աւարտած են Հադրութի շրջանի Քիւրաթաղ գիւղի 150 տեղանոց հանդիսութիւններու տան եւ համայնքային կեդրոնի կառուցման աշխատանքները: Ընթացքի մէջ են Մարտունիի շրջանի Սարգսաշէն գիւղի համայնքային կեդրոնի, Ասկերանի շրջանի Իվանեան գիւղի 250 տեղանոց եւ Քռասնի գիւղի 150 տեղանոց հանդիսութիւններու տան եւ համայնքային կեդրոններու կառուցման, Հադրութի շրջանի Թաղասեռ եւ Տումի գիւղերուն մէջ 150 տեղանոց հանդիսութիւններու տան եւ համայնքային կեդրոններու եւ Մարտակերտի շրջանի Գետաւան գիւղի համայնքային կեդրոնի կառուցման աշխատանքները», մանրամասնած է նախարարը՝ ընդգծելով, որ 2017ին շինարարութեան ոլորտի բաժնեմասը երկրի տնտեսութեան համախառն ներքին արդիւնքին մէջ կազմած է 6.1 տոկոս՝ 2016ի 5.7 տոկոսին փոխարէն, իսկ պետական պիւտճէի շուրջ 17.8 տոկոսը՝ նախորդ տարուան 15.1 տոկոսին դիմաց:
Խօսելով այլ աղբիւրներէ եկած ֆինանսական միջոցներուն մասին՝ Կ. Շահրամանեան յայտնած է, որ Հայաստան Համահայկական հիմնադրամի համաֆինանսաւորման ծրագիրի ծիրին մէջ պետական միջոցներէ յատկացուած է 284 միլիոն 450 հազար դրամ:
Անդրադառնալով առաջնագիծին ուղղուած աշխատանքներուն՝ քաղաքաշինութեան նախարարը նշած է, որ առաջնորդուելով Արցախի կառավարութեան կողմէ հաստատուած ծրագիրով, շարք մը շինարարական, ճարտարագիտական աշխատանքներ կատարուած են Արցախի սահմանի ամբողջ երկայնքով, որոնք միտուած են զինուորներու ծառայողական եւ կենցաղային պայմաններու ապահովման, ինչպէս նաեւ անվտանգութեան աստիճանի բարձրացման: Բացի նշուածէն, ըստ նախարարին, 2017ին, սահմանամերձ բնակավայրերու մէջ ապաստարաններու կառուցման նպատակով Արցախի կառավարութեան պահուստային ֆոնտէն յատկացուած է 553 միլիոն 449 հազար դրամ: Եւս 91 միլիոն 837 հազար դրամ յատկացուած է գոյքի գնման համար, իսկ 80 միլիոն 259 հազար դրամ ծախսուած է քաղաքացիական պաշտպանութեան քայլերու ծրագիրով:
Խօսելով 2018ին կատարելիք աշխատանքներուն մասին՝ նախարարը նշած է, որ քաղաքաշինութեան ոլորտին մէջ տարուող աշխատանքները մեծ մասամբ ուղղուած պիտի ըլլան բնակարանաշինութեան, մասնաւորապէս Արցախի մէջ ծնելիութեան եւ բազմազաւակութեան խթանման, վերաբնակիչներու եւ փախստականներու բնակարանային հարցերու լուծման, օրէնսդրութեամբ սահմանուած այլ խոցելի խումբերուն պատկանող ընտանիքներու բնակարանային պայմաններու բարելաւման ծրագիրներուն: Ուշադրութեան կեդրոնին պիտի ըլլան դպրոցաշինութիւնը, ճանապարհներու կառուցումը, վերանորոգումն ու պահպանումը, մշակութային տարածքներու շէնքային պայմաններու բարելաւումը, ինչպէս նաեւ կառուցապատման կանոնակարգման նոր մօտեցումներու ձեւաւորումը: