ՊՈԼԻՍ, «Ակօս».- Յառաջիկայ շաբաթ, Յունուար 29ին եւ 30ին, ինչպէս նաեւ Փետրուար 1-2ին, Պոլսոյ եղեռնադատ 14րդ ատեանին մէջ պիտի կայանայ Հրանդ Տինքի սպանութեան դատավարութեան հերթական նիստերը:
Այդ նիստերուն ընթացքին պիտի դատուին Տրապիզոնի ոստիկան զօրաց հրամանատարութեան պաշտօնեաներ Էօնտեր Արաս, Վոլքան Շահին, Ճեւաթ Էսեր, Իւնսալ Կիւրել, Ռեսուլ Քիւթիւքօղլու եւ Հաճը Էօմեր Իւնալըր:
Տինքի դատավարութեան շրջագիծով կը դատուին 85 ամբաստանեալներ, որոնցմէ 11ը ձերբակալուած են, իսկ 10ը՝ տակաւին կը հետապնդուին:
Անցեալ տարուան Դեկտեմբեր 8ին կայացած դատական վերջին նիստին, ոստիկաններ Պեքիր Եոքուշ, Էճեւիտ Էմիր, Էմրէ Ճինկէօզ, Հաճը Շերիֆ Շիմշեք եւ Շերեֆ Աթեշ ազատ արձակուած էին: