ՍԹՈՔՀՈԼՄ.- Կիրակի, 21 Յունուար 2018ի յետմիջօրէին, Շուէտի նորաբաց «Սարդարապատ» կեդրոնի սրահին մէջ, հանդիսաւոր կերպով նշուեցաւ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան 127ամեակը: Ուշագրաւ ու մանաւանդ գօտեպնդող երեւոյթ էր երիտասարդութեան տիրական ու մեծաթիւ ներկայութիւնը:
Հանդիսութիւնը վարեցին ՀՅԴ Շուէտի Երիտասարդական Միութեան (ՇԵՄ) անդամներ Գոհար Յակոբեան եւ Սերոբ Պապափիլաւեան:
ՀՅԴ ՇԵՄի անունով բացման խօսքով հանդէս եկաւ Վարդենի Եագուպեան, որ հակիրճ պատմականով ներկայացուց Դաշնակցութեան անցած ու գծած 127ամեայ ուղին, ապա հրաւիրեց Շուէտի ՀՅԴ առանձնակի կոմիտի կողմէ Սմբատ Գրիգորեանը, որ փոխանցէ իր խօսքը: Ան շեշտը դրաւ Դաշնակցութեան գաղափարական աշխարհահայեացքին եւ յեղափոխական էութեան ու նկարագիրին վրայ, ինչպէս նաեւ ներկայացուց համայնքին մէջ ծաւալած կուսակցութեան մեծ ընտանիքին ծաւալած միամեայ գործունէութեան հանգանակը:
Ցուցադրուեցաւ ՀՅԴն բնութագրող ծաւալուն ու բաւական ամբողջական տեսաերիզ մը:
Գեղարուեստական կոկիկ յայտագիրով հանդէս եկան Մարինա Երէցեան, Մերի Սիմոնեան, Համազգայինի «Այգ» պարախումբը՝ հայկական պարերու փունջով մը, իսկ Սէրլի Մարգէեան եւ Նանսի Խաչատուրեան միասնաբար ասմունքեցին Անդրանիկ Ծառուկեանի «Թուղթ Առ Երեւան»էն հատուածներ:

Օրուան պատգամը փոխանցեց Հրաչ Վարժապետեան, որ, ներկայացնելէ ետք Դաշնակցութեան անցնող տարուան քաղաքական ու Հայ Դատի իրագործումները յատկապէս Եւրոպայի տարածքին, իր խօսքին առանցքը դարձուց Հայաստանը՝ արցախեան օրակարգ, ներքին եւ արտաքին քաղաքականութիւն, յառաջիկայ ընտրութիւններ եւ համակարգի ճակատագրական փոփոխութիւն, սահմաններ-հայոց բանակ, պետականաշինութեան շարունակուող գործընթաց եւ մասամբ նորին: Ան, իր խօսքը եզրափակելով՝ ըսաւ, որ հայրենիքն է, ներկայ մեր Հայաստանն է մեր միտքին ու հոգիին թռիչք ու իմաստ տուող միակ ու անփոխարինելի կռուանը եւ ամուր հիմնաքարը մեր ցարդ չլուծուած սրբազան Դատին ու մանաւանդ անսասան խարիսխը՝ մեր վախճանական նպատակին՝ Ամբողջական Հայաստանին:
Հանդիսութիւնը աւարտեցաւ յեղափոխական երգերու խանդավառ մթնոլորտի մէջ, կատարողութեամբ գաղութի սիրուած երգիչ Համօ Երէցեանի եւ իր նուագախումբին: