Վենետիկի «Պօ-Արաքս» մշակութային ընկերակցութեան, Վենետիկի Studium Marcianum հաստատութեան հետ գործակցաբար կազմակերպած Հայ լեզուի եւ մշակոյթի ամառնային խտացեալ դասընթացքը տեղի պիտի ունենայ 30 Յուլիսէն 14 Օգոստոս: Քննութիւնները պիտի կատարուին 14 Օգոստոսի յետմիջօրէին կէսօրէ. ժամանումի թուականն է 29 Յուլիսը, մեկնումինը՝ 15-16 Օգոստոս:
Դասընթացքը ունի չորս մակարդակ՝ բացարձակ սկսնակներէ մինչեւ յառաջադէմներ: Դասերը տեղի կ՛ունենան Երկուշաբթիէն Շաբաթ, օրը հինգ պահ՝ առաւօտեան: Դասընթացքի ամբողջական տեւողութիւնն է 65 դասաժամ: Դասերուն ներկայութիւնը պարտադիր է: Մասնակցութեան համար պահանջուած նուազագոյն տարիքը 18ն է: Հնարաւոր բացառութեան համար պէտք է մասնաւոր դիմում կատարել դասընթացքի վարչութեան: Դիմումները պէտք է կատարուին անձամբ եւ գրաւոր, նշելով միշտ հեռաձայնի թիւ մը եւ ել-նամակի (email) հասցէ մը: Դասընթացքին զուգահեռ տեղի պիտի ունենան մշակութային զանազան ձեռնարկներ: Փափաքողներուն համար յետմիջօրէներուն, անվճար պիտի աւանդուին նաեւ դուդուկի, հայկական պարերու եւ հայկական խոհանոցի դասեր։
Արձանագրութեան սակն է՝ 800 եուրօ կամ համապատասխանը տարարժոյթով՝ ըստ օրուան սակին: Այս գումարին 500 եուրոյի բաժինը պէտք է վճարուի կանխաւ՝ մինչեւ 28 Փետրուար: Այդ թուականէն ետք պէտք է վճարուի 550 եուրօ մինչեւ 30 Յունիս, որ արձանագրութեան համար վերջին պայմանաժամն է: Արձանագրութեան մնացեալ մասը Պէտք է վճարուի անպայման մուտքի օրը։ Վարկաթղթային վճար (Credit card) չ՛ընդունուիր: 10 զեղչ մը կը կատարուի անոնց համար, որոնք նախապէս լաւ արդիւնքով մասնակցած են դասընթացքին, գոնէ երկու անգամ: Նոյն զեղչը կը կատարուի նաեւ միասին յաճախող մօտիկ ազգականներէն մէկուն (ծնողք, քոյր, եղբայր, կողակից): Կատարուած վճարումը որեւէ պատճառով չի վերադարձուիր, բացի հաւաստի եւ ճամբորդութիւնը արգիլող հիւանդութեան պարագայէն: Դրամատնային փոխանցումով (bank transfert) վճարելու համար, յետ դիմումի ընդունելութեան՝ քարտուղարութիւնը պիտի ուղարկէ դրամատնային հաշուի հարկաւոր տեղեկութիւնները (հաշուեհամար, IBAN եւ այլն): Դրամատնային բոլոր ծախսերը կը կատարուին դիմողին կողմէ:
Կ՛ընձեռուի բնակութեան հնարաւորութիւն Վենետիկի պատմական կեդրոնին մէջ, օժտուած՝ խոհանոցային յարմարութիւններով, 29 Յուլիսէն 15 Օգոստոս ներառեալ: Ամբողջ այս շրջանին համար, բնակութեան սակն է 810 եուրօ մէկ անձի՝ երկու հոգինոց սենեակի մէջ, իսկ 980 եուրօ առանձին սենեակի մէջ, երկու պարագային ալ լոգարանային եւ զովասարքչային յարմարութիւններով: Բնակութեան վճարը, տուեալ ժամանակաշրջանին ընթացքին, ենթակայ չէ օրական հաշուարկումի: Անոնք, որոնք կը խորհին նշեալ թուականներէն աւելի առաջ ժամանել կամ աւելի ուշ մեկնիլ, պէտք է իրենք հոգան իրենց բնակութեան պայմանները այդ օրերուն համար:
«Պօ-Արաքս» ընկերակցութիւնը կրնայ տրամադրել քիչ թիւով կրթաթոշակներ: Ան որ կը փափաքի դիմել կրթաթոշակի համար, պէտք է որ դիմումնագիրը ղրկէ իր կենսագրական բնութագիրին (curriculum) ու մէկ երաշխաւորագրի հետ՝ դասընթացքի վարիչին՝ Լեւոն արք. Զէքիեանին՝ zkybhs@gmail.com, ու փոխվարիչին՝ դոկտ. Բենեդետտա Կոնտինի՝ bendettacon@gmail.com:
Յաւելեալ տեղեկութիւններու համար ել-նամակ մը ուղարկել հետեւեալ հասցէներուն՝ daniela@padus-araxes.com; benedettacon@gmail.com: Ի հարկին, հեռաձայնել հետեւեալ բջիջային թիւերուն՝ +39.347.4562981 (Դանիելա) եւ +39.349.0986027 (Բենեդետտա) Երկուշաբթի եւ Հինգշաբթի առաւօտները, ժամը 10։30-13։00, կամ Երեքշաբթի, Չորեքշաբթի եւ Ուրբաթ իրիկունները ժամը 20։00–21։30 (Իտալիոյ ժամով): Կը խնդրուի լաւ ստուգել երկիրներու միջեւ ժամերու տարբերութիւնը:
ՎԵՆԵՏԻԿԻ «ՊՕ-ԱՐԱՔՍ»
ՄՇԱԿՈՒԹԱՅԻՆ ԸՆԿԵՐԱԿՑՈՒԹԻՒՆ