ԲԺԻՇԿ ԿԱՐՊԻՍ ՀԱՐՊՈՅԵԱՆ
«Հայ Բոյժ»ի մասին յօդուածս գրելէ ետք, պարտականութիւն սեպեցի ուսումնասիրութիւն մը կատարել հայ բժշկական ժողովրդային պարբերականներու եւ գիրքերու մասին, որոնք հրատարակուած են Հայաստանէն դուրս, 1850-1980 ժամանակաշրջանին, այլ խօսքով՝ 130 տարիներու ընթացքին:
Ուսումնասիրութենէս ի յայտ եկաւ, որ Հայկական Սփիւռքի զանազան կեդրոններու մէջ վերոյիշեալ ժամանակաշրջանին շատ մեծ աշխատանք տարուած է հայ բժիշկներու, բժշկական մարմիններու եւ հայ մամուլով հետաքրքրուող անհատներու կողմէ՝ հրատարակելու բժշկական-առողջապահական ժողովրդային պարբերականներ եւ գիրքեր: Բոլոր այս պարբերաթերթերը եւ գիրքերը ոչ միայն եղած են բժշկական-առողջապահական գիտելիքներու աղբիւր, այլ նաեւ՝ անոնք մեծապէս նպաստած են հայերէն բժշկական բառամթերքի զարգացման ու տարածման: Հայ բժիշկները գրած են մաքուր հայերէնով եւ գործածած են հարուստ բժշկական բառամթերք: Անոնցմէ շատերը ստեղծած են հայերէն բժշկական նորակերտ բառեր եւ նպաստած են հայ լեզուի բժշկական բառերու կերտումին:
Այս ժամանակաշրջանին, հայ բժիշկները ուր որ գտնուած են, իրենց բժշկական գիտելիքները ի սպաս դրած են հայ ժողովուրդի առողջութեան բարելաւման եւ տուած են կանխագիլման ցուցմունքներ, թելադրութիւններ եւ յորդորներ: Անոնք մեծ զոհողութիւններով անձամբ հրատարակած են բժշկական-առողջապահական պարբերականներ եւ գիրքեր, կամ իրենց մասնակցութիւնը բերած են գոյութիւն ունեցող պարբերականներու: Անոնք հայ հասարակութեան մատուցած են գերազանց ծառայութիւն՝ իրենց հայատառ եւ մաքուր բժշկական-առողջապահական գրութիւններով: Անոնք անհերքելի եւ հարուստ ժառանգ մը ձգած են հայ գրականութեան եւ մշակոյթին մէջ:

Պոլիսն է որ փայլած է իր բազմաթիւ բժշկական-առողջապահական ժողովրդային պարբերականներով եւ գիրքերով այս ժամանակաշրջանին: Պոլիս ունեցած է շատ մեծ դերակատարութիւն հայ ժողովուրդի բժշկական եւ առողջապահական դաստիարակութեան մէջ: Պոլիս հրատարակուող պարբերականները չեն դադրած հրատարակուելէ Հայոց Ցեղասպանութեան պատճառով: Գոյութիւն ունեցողները շարունակած են հրատարակուիլ եւ անոնց հետ լոյս աշխարհ եկած են նոր պարբերականներ:
Պոլիսէն բացի, նմանօրինակ պարբերաթերթեր եւ գիրքեր լոյս տեսած են նաեւ Հայկական Սփիւռքի զանազան կեդրոններու մէջ՝ Թիֆլիս, Պէյրութ, Փրովիտընս, Պոսթըն, Փարիզ, Աղեքսանդրիա, Նիւ Եորք, Աթէնք, Հաճըն, Երուսաղէմ, Վենետիկ:
Ահաւասիկ, այդ բժշկական-առողջապահական պարբերակներէն եւ գիրքերէն մաս մը, որոնք հրատարակուած են Հայկական Սփիւռքին մէջ, 1850էն 1980.
Ա. Պոլիսէն դուրս հրատարակուած հայկական բժշկական-առողջապահական ժողովրդային պարբերաթերթեր.
- «Առողջապահիկ Թերթ», Թիֆլիս.
Բժշկա-առողջապահական ժողովրդային հանդէս. Հրատարակուած է 1903-1905: Խմբագիրը եղած է Վահան Արծրունի, նպատակը՝ ժողովուրդին մեջ տարածել բժշկական-առողջապահական գիտելիքներ: Հանդէսին հետ միատեղ «Բժիշկ Զրոյցներ» ընդհանուր խորագիրով հրատարակուած են 35 հանրամատչելի գրքոյկներ:
- «Առողջ Կեանք», Փարիզ.
Հրատարակուած է 1931ին: Բժշկական եւ առողջապահական ամսագիր՝ տնօրէնութեամբ տոքթ. Միհրան Քէշիշեանի: Տեւած է միայն մէկ տարի:
- «Առողջապահ», Թիֆլիս.
Հրատարակուած է 1911ին՝ որպէս յաւելուած «Աղբիւր Տարազի»ի. խմբագրական կազմ՝ բժիշկներ Բ. Աղասարեանց, Ա. Բաբայեան, Ե. Մինասեանց եւ Նաւասարդեան:
- «Բարիզ-Արեւելք», Փարիզ.
Բժշկական -առռղջապահական ամսաթերթ. հրատարակուած է 1939ին:
- «Բժիշկ», Պէյրութ.
Բժշկագիտական-առողջապահական ամսագիր. լոյս տեսած է առաջին անգամ 1955ին: 1964էն ետք հրատարակուած է Լիբանանահայ բժշկական միութեան հովանաւորութեամբ եւ հետեւաբար, վայելած է անոր բարոյական օժանդակութիւնը:
Անոր մէջ գրած են բժիշկներ Լ. Գրիգորեան (Փարիզ), Պէյրութէն՝ Յ. Կարեւորեան, Իսահակ Տէրտէրեան, Վարուժան Սահակեա, Վ. Թաշճեան, Օսվալտ Հրեշտակեան, Գ. Օ. Գալուստեան (Պուէնոս Այրես), Յարութիւն Սաղըրեան, Ե. Ագխաչերեան, Սեպուհ Սիսեռեան, Զաքար Մկրեան, Ա. Աբէլեան, Սարգիս Գարայեան, Գ. Անտոնեան, Տիգրան ԳավաՖեան, Յակոբ Սահակեան, Յ. Սապունճեան, Ճորճ Միքայէլեան, Յ. Ճըլճըլեան, Կարպիս Հարպոյեան) եւ շատ ուրիշներ, առանց մոռնալու նշանաւոր երգիծաբան Նշան Պէշիկթաշլեանը, որ իւրաքանչիւր թիւի մէջ ունեցած է «Երգիծաբուժութիւն» խորագրեալ իւրայատուկ գրութիւն մը: Հոն տպագրուած են համաշխարհային բժշկագիտութեան նուաճումներու, բժշկութեան պատմութեան, նշանաւոր բժիշկներու եւ Հայաստանի առողջապահութեան բնագաւառին մէջ ձեռք բերուած նուաճումներու մասին:
- «Բուժակ», Փրովիտենս, Պոսթոն.
Բժշկական-առողջապահական ամսաթերթ. լոյս տեսած է 1916էն 1921, նախ՝ Փրովիտընսի մէջ, ապա՝ Պոսթընի: Տնօրէն-խմբագիրը եղած է Արշակ Տեր Մարկոսեան: Հոն տպագրուած են յօթուածներ մարդու կազմախօսութեան եւ բնախօսութեան ու հիւանդութիւններու ծագման եւ զարգացման ընթացքին մասին:
- «Բուժանք», Փարիզ.
Առողջապահական-գիտական-ընկերային ամսագիր. լոյս տեսած է 1926էն 1930, տոքթ. Լեւոն Գրիգորեանի աշխատանքով: Տպագրած է առողջապահական եւ գիտա-բժշկական յօդուածներ ու նիւթեր՝ նուիրուած հայ բժշկութեան պատմութեան, անուանի բժիշկներու, մարմնամարզի, դպրոցի առողջապահական հարցերու եւ բուժման ժողովրդական եղանակներուն:
- «Ծաղիկ», Հաճըն.
Ձեռագիր հայերէն եւ հայատառ թրքերէն շաբաթաթերթ. հիմնադիրը եւ հրատարակիչը եղած են Հաճընի Վարդանեան վարժարանի շրջանավարտները եւ երիտասարդ մտաւորականներ: Հրատարակուած է 1880ին, միայն 10 ամիս: Խմբագիրը եղած է Մարտիրոս Սեքսենեան: Ունեցած է գրական, գիտական եւ առողջապահական յօդուածներ:
- «Կարմիր Խաչ», Պոսթըն.
Առողջապահական-ընկերային պարբերաթերթ. հրատարակուած է 1935ին:
- «Հայ Բժիշկ», Փարիզ-Աղեքսանդրիա.
Լոյս տեսած է 1919ի Ապրիլին, պատկերազարդ ամսաթերթ, որ յաջորդ տարուան Յունուարին անուանակոչուած է «Հայ Բուժակ»: Տոքթ. Մ. Գարակէօզեան խմբագրած է ամսագիրը մինչեւ 1923: Այնուհետեւ, թերթը փոխադրուած է Աղեքսանդրիա (Եգիպտոս) եւ մինչեւ 1925 շարունակած է լոյս տեսնել տոքթ. Յ. Թաշճեանի խմբագրութեամբ:
- «Հայ Բժիշկ», Պոսթոն.
Բժշկական, առողջապահական եւ գիտական ամսաթերթ: Լոյս տեսած է 1924-1925ին: Տնօրէն-խմբագիրը եղած է Հ. Ծովիկեան, իսկ խմբագիրը՝ Բ. Ժամկոչեան: Անիկա ունեցած է յօդուածներ հիւանդութիւններու, անոնց տարածման ու բուժման ձեււերու մասին ու ծանօթացուցած է նոր դեղամիջոցներ: Կարեւորութեամբ անդրադարձած է կանխարգելիչ բժշկութեան եւ մարմնամարզի դաստիարակութեան: Հոն հրատարակուած են հայ բժշկութեան պատմութեան վերաբերեալ նիւթեր եւ «Բժշկա-առողջապահական հարցարան» բաժին մը:
- «Հայ Բոյժ», Փարիզ.
Բժշկական-առողջապահական ամսաթերթ-պարբերաթերթ: Շաւարշ Նարդունի իր անձնական միջոցներով եւ նախանձերնութեամբ հրատարակած է «Հայ Բոյժ»ը Հոկտեմբեր 1934էն սկսեալ, որպէս բժշկական ամսագիր: Նարդունի կրցած է «Հայ Բոյժ»ը պատնէշի վրայ պահել շուրջ 30 տարիներ, որոշ ընդհատումներով: «Հայ Նոյժ»ը եղած է ամսաթերթ, պարբերաթերթ, տարեգիրք եւ նոյնիսկ դադրած է հրատարակուելէ քանի մը տարի: Վերջին թիւը հրատարակուած է 1968ին:
«Հայ Բոյժ»ը եղած է ժողովրդային սիրուած հանդէս մը: Անիկա փնտռուած եղած է Սփիւռքի բոլոր հայ կեդրոններուն եւ ամբողջ հայութեան կողմէ:
Նարդունի «Հայ Բոյժ»ի հրատարակութեան առաջին օրերէն իր շուրջ համախմբած է արտասահման ապրող հանրածանօթ հայ բժիշկներու խումբ մը: Նարդունի գրած է հմտութեամբ, հաղորդականութեամբ, զուարթաբանութեամբ, կատակներով, մաքուր ու գեղեցիկ հայերէնով եւ ճոխ հայերէն բժշկական բառամթերքով: Ան ճոխացուցած է «Հայ Բոյժ»ը նաեւ առողջապահական նիւթերու ֆրանսերէնէ հայերէն թարգմանութիւններով:
(Շարունակութիւնը՝ յաջորդիւ)