ԵՐԵՒԱՆ.- 29 Յունուարիին, բանակի 71 զինուորներ անհատոյց օգտագործման իրաւունքով Երեւանի Աջափնեակ շրջանին մէջ գտնուող նորակառոյց բազմաբնակարան շէնքին մէջ բնակարաններ ստացան:
Բնակարաններու բանալիները յանձնեց Հայաստանի պաշտպանութեան նախարար Վիգէն Սարգսեան:
Բնակարաններու յանձնման արարողութեան ընթացքին պաշտպանութեան նախարարը ծառայողական յաջողութիւններ եւ ընտանեկան երջանկութիւն մաղթեց բնակարանամուտ տօնող զինուորներուն: Վիգէն Սարգսեան ընդգծեց, որ այս տարուընէ սկսեալ, պաշտպանական գերատեսչութիւնը հնարաւորութիւն պիտի ունենայ բնակարաններով ապահովելու տարեկան շուրջ 500 զինուորներու:
Հայաստանի պաշտպանական համակարգի զինուորներու համար, Երեւանի մէջ նորակառոյց շէնքի բնակարաններ տրամադրելու մասին որոշումները տրուած են հաշուի առնելով հետեւեալ առաջնահերթութիւնները.
– Հրամանատարական կազմին (մինչեւ զօրամասի հրամանատար եւ տեղակալ՝ ներառեալ)
– Մարտական գործողութիւններու մասնակիցներուն
– «Մարտական խա»չ շքանշանակիրներուն
– Ռազմաճակատի վրայ առնուազն 5 տարի ծառայած զինծառայողներուն։