Կ՛ուզենք մեր ժողովուրդի զաւակներուն յայտնել, որ շինարարական կարեւոր ծրագիրներ իրագործման ընթացքի մէջ են արդէն՝ Անթիլիասի Մայրավանքին, Պիքֆայայի Ս. Աստուածածին վանքին եւ «Թռչնոց Բոյն»ի մէջ:
ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԱՅՐԱՎԱՆՔ
ա) Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան 100ամեակին առիթով յուշակոթող մը կը բարձրանայ Մայրավանքի շրջափակին մէջ, բարերարութեամբ տէր եւ տիկին Ալէքքօ եւ Անի Պէզիքեաններու, Զուիցերիաէն:
Յուշակոթողին պաշտօնական բացումը տեղի պիտի ունենայ Ուրբաթ, 23 Մարտ 2018ին, Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան նուիրուած համազգային համագումարի աւարտին:
բ) Մայրավանքի արեւելեան ու հիւսիսային կողմերը նոր պատեր կը բարձրացուին՝ գեղակերտ քարերով հիւսուած, որ, միաժամանակ, Մայրավանքի շրջապատէն ներս պիտի ներառէ արեւելեան կողմը գտնուող պարտէզը: Սոյն ծրագիրը կ՛իրագործուի բարերարութեամբ Արամ եւ Րաֆֆի Մալեան եղբայրներու, Լիբանանէն: Աշխատանքը իր աւարտին կը հասնի շուրջ մէկ ամիսէն:
ՊԻՔՖԱՅԱՅԻ Ս. ԱՍՏՈՒԱԾԱԾԻՆ ՎԱՆՔ
Պիքֆայայի Ս. Աստուածածին վանքին մէջ, եպիսկոպոսներու եւ հիւրերու յատուկ նոր շէնք մը կը կառուցուի: Շինարարական աշխատանքները պիտի աւարտին շուրջ մէկ տարիէն:
Այս առիթով յայտնենք, որ Ֆանարի մէջ գտնուող նախկին Խանամիրեան դպրոցի շէնքը, որ սեփականութիւնն է կաթողիկոսարանին, ներքին որոշ փոփոխութիւններէ ետք, պիտի սկսի գործածուելու կաթողիկոսարանին առնչուած ծրագիրներուն համար:
Նաեւ յայտնենք, որ «Թռչնոց Բոյն»ի մէջ յատուկ բաժին մը պիտի վերակառուցուի ու վերադասաւորուի, որբերուն որպէս ննջարան գործածուելու: Այս ծրագիրին բարերարն է Տիանա Տէր Յովսէփեան, Արժանթինէն: Աշխատանքները շուտով կը սկսին:
ԴԻՒԱՆ ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ
ԿԻԼԻԿԻՈՅ
ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԵԱՆ