ԱՆԹԻԼԻԱՍ.- Արամ Ա. կաթողիկոսին նախագահութեամբ, Հինգշաբթի 1 եւ Ուրբաթ, 2 Փետրուարին, Ազգային կեդրոնական վարչութեան յաջորդական նիստեր տեղի ունեցան Անթիլիասի մայրավանքին մէջ:
– Համապարփակ քննարկումի ենթարկուեցան նախ եւ առաջ 2017ին իրագործուած եւ 2018ի նախահաշիւ պիւտճէն, ինչպէս նաեւ կաթողիկոսարանին ընդհանուր նիւթական կացութիւնը: Վեհափառ հայրապետը կարեւորութեամբ շեշտեց, որ կաթողիկոսարանին տնտեսական ընդհանուր կացութիւնը մնայուն հաշուեքննութեան ենթակայ է թէ՛ յանձնախումբին եւ թէ հաշուեքննիչ ընկերութեան ճամբով: Վեհափառ հայրապետը միաժամանակ յիշեցուց, որ կաթողիկոսարանին տնտեսական կարելիութիւնները սահմանափակ են եւ տարեկան պիւտճէական հսկայ բացեր կը գոյանան՝ մէկ կողմէ սղաճի, իսկ միւս կողմէ եկամուտի պակասի պատճառով:
– Վարչութիւնը, շարունակելով Ազգային ընդհանուր ժողովին վեհափառ հայրապետի պատգամին եւ ընդհանուր քննարկումներու ճամբով շեշտուած թեմերու վերակազմակերպումի հարցը, իր կարգին վեր առաւ յիշեալ ծրագիրին այժմէականութիւնը, եւ, վեհափառ հայրապետի առաջարկին հետեւելով, որոշեց յատուկ ժամանակացոյցի հիման վրայ հանդիպումներ կազմակերպել թեմերու հետ վերակազմակերպումի իրենց ծրագիրը քննարկելու համար:
– Կաթողիկոսարան-թեմ գործակցութիւնը դարձեալ շեշտուեցաւ. այս ծիրին մէջ անդրադարձ եղաւ որոշ մարզերու, ուր թեմերու համարատուութիւնը կաթողիկոսարանին պէտք է աւելի շեշտաւորել: Թէ՛ կաթողիկոսարանին եւ թէ կարգ մը թեմերու կապուած կանոնագրային հարցերու քննութիւնը աւելի արագացնելու համար յատուկ յանձնախումբ մը նշանակուեցաւ, որպէսզի յառաջիկային, Կրօնական ու Քաղաքական ժողովներուն մասնակցութեամբ, յիշեալ աշխատանքը իր աւարտին հասնի եւ ապա վաւերացուի վեհափառ հայրապետին կողմէ:
– Վարչութիւնը յաջորդական հանդիպումներ ունեցաւ կալուածոց ու շահարկման յանձնախումբերուն հետ: Անոնք իրենց իրագործած աշխատանքներուն ամփոփ պատկերը ներկայացուցին թէ՛ շինարարական մարզին մէջ եւ թէ շահարկման ծրագիրներու գծով:
– Կաթողիկոսարանին առնչուած ընկերային ծառայութեան հաստատութիւններուն՝ Ազգային բուժարանի, Ազգային ծերանոցի ու «Թռչնոց Բոյն»ի խնամակալութիւնները վերջին ամիսներու իրենց աշխատանքին արդիւնքը պարզեցին Ազգային կեդրոնական վարչութեան՝ միաժամանակ տեղեակ պահելով հաստատութեան դիմագրաւած յատկապէս տնտեսական մտահոգութիւններուն մասին: Վեհափառ հայրապետն ու վարչութիւնը յիշեցուցին հայ եկեղեցւոյ կողմէ կատարուող ընկերային ծառայութեան յոյժ կարեւորութիւնը եւ թելադրեցին, որ իրենց կարելին կատարեն՝ օգտակար հանդիսանալու ժողովուրդի կարիքներուն:
– Թուրքիոյ դէմ բացուած Սիսի կաթողիկոսարանի վերադարձի դատը լայն քննարկումի ենթարկուեցաւ: Այս ուղղութեամբ տրուած բացատրութիւններու ու վերջին շրջանին տեղի ունեցած զարգացումներու լոյսին տակ եւ հետեւելով Ազգային ընդհանուր ժողովի որոշումին, ժողովականները շեշտեցին իրաւաքաղաքական բնոյթ ունեցող այս կարեւոր դատին առնչուած աշխատանքներուն շարունակութեան կարեւորութիւնը:
– Ժողովը նաեւ ընդգծեց անցեալէն եկող Ֆանարի ժողովրդային տուներուն առնչուած իրաւական աշխատանքները շարունակելու եւ յստակ ընթացքի մէջ դնելու անյետաձգելի հրամայականը: Ազգային կեդրոնական վարչութեան մտահոգութիւնն է, որ հոն ապրող մեր ժողովուրդի զաւակները իրենց նիւթական պարտաւորութիւնը կատարելով եւ իրաւական անհրաժեշտ փաստաթուղթերը ունենալով տէր դառնան իրենց բնակարաններուն:
– Ազգային կեդրոնական վարչութիւնը անհրաժեշտ նկատեց, որ շուրջ չորս տարիներ առաջ Արցախի մէջ հիմը դրուած Նոր Կիլիկիա գիւղին ծրագիրը շարունակուի, յատկապէս մեր թեմերուն ու անհատ ազգայիններու մասնակցութեամբ:
– Համապարփակ ձեւով զեկուցում տրուեցաւ Սուրիոյ հայութեան վերականգնումի ու օժանդակութեան աշխատանքներուն մասին: Վեհափառ հայրապետն ու Ազգային կեդրոնական վարչութիւնը կարեւորութեամբ շեշտեցին Սուրիոյ հայութեան վերակազմակերպման աշխատանքները իբրեւ համահայկական առաջնահերթութիւն:
– Վարչութիւնը նաեւ հանդիպումներ ունեցաւ կաթողիկոսարանի մանկավարժական կեդրոնի ու հայագիտական դասընթացքի պատասխանատուներուն հետ եւ գոհունակութեամբ իմանալէ ետք կրթական այս երկու կառոյցներուն կողմէ տարուող գործունէութեան մասին, թելադրեց նոյն ոգիով շարունակել այս յոյժ կարեւոր աշխատանքը:
– Յատուկ անդրադարձ կատարուեցաւ արեւմտահայերէնի պաշտպանութեան ու զարգացման, ինչպէս նաեւ միացեալ ուղղագրութիւն մը ստեղծելու կարելիութեան շուրջ տարուող աշխատանքներուն: Այս գծով տրուած զեկուցումներուն լոյսին տակ ժողովը կարեւոր նկատեց այս աշխատանքներուն ու յատկապէս յառաջիկայ ծրագիրներու իրագործման հրամայականը:
– Ազգային կեդրոնական վարչութեան նաեւ զեկուցում տրուեցաւ Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան 100ամեակին առիթով կաթողիկոսարանին տարած ու տանելիք աշխատանքներուն մասին, յատկապէս շեշտելով 20-23 Մարտ 2018ին, Անթիլիասի մայրավանքին մէջ տեղի ունենալիք համագումարը եւ յուշակոթողի պաշտօնական բացումը:
– Վերոյիշեալ հարցերու քննարկումներուն ու տրուած որոշումներուն առընթեր, ժողովը նաեւ զբաղեցաւ յարակից այլ հարցերով՝ միշտ շեշտելով կաթողիկոսական երկու աթոռներու, Հայաստան-Սփիւռք գործակցութեան կարեւորութիւնը, ինչպէս նաեւ հայ ժողովուրդին ներքին միասնականութիւնը առաւել ամրապնդելու անյետաձգելի հրամայականը:
Յայտնենք, որ Ազգային կեդրոնական վարչութեան Կրօնական ու Քաղաքական ժողովներէն իւրաքանչիւրը կը բաղկանայ 17 անդամներէ: