ԵՐԵՒԱՆ, «Էրմենիհապեր».- Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլուտ Չաւուշօղլու Ռուսիայէն պահանջած է Անգարային արտայանձնել թրքական մարքսական՝ Ժողովուրդի ազատագրման յեղափոխական կուսակցութիւն-ճակատի ղեկավարներէն՝ Միհրաճ Ուրալը:
Նշենք, որ Ուրալ մասնակցած էր այս շաբաթ Սոչիի մէջ կայացած Միջսուրիական ազգային երկխօսութեան համաժողովին, մինչ Թուրքիա «ահաբեկչական» կը նկատէ այդ կազմակերպութիւնը, որուն անդամները աջակցութիւն կը ցուցաբերեն այդ պայքարին, որ կը մղուի Սուրիոյ իշխանութիւններուն հակառակ զինեալ խմբաւորումներուն դէմ։