2017ի ընթացքին Հայաստանի Զինուած ուժերու եւ այլ զօրքերու զօրամասերու մէջ արձանագրուած են 1207 յանցագործութեան դէպքեր, որոնք փաստօրէն 11.1 տոկոսով նուազ են 2016ի դէպքերէն: Անոնցմէ 768ը կամ 63.6 տոկոսըը եղած են զինուորական ծառայութեան դէմ ուղղուած, 439ը կամ 36.4 տոկոսը՝ այլ բնոյթի յանցագործութիւններ:
Այս տուեալները ներկայացուած են Փետրուար 6ին, Հայաստանի զինուորական դատախազութեան մէջ տեղի ունեցած խորհրդակցութեան ընթացքին:
Արձանագրուած 1207 յանցագործութեան դէպքերէն ծանր եւ առանձնապէս ծանր յանցագործութիւնները եղած են 191ը կամ 15.8 տոկոսը, որոնցմէ 111ը՝ ծանր, 80ը՝ առանձնապէս ծանր:
Նախորդ տարուան հետ համեմատած՝ ծանր յանցագործութիւնները նուազած են 6 դէպքով կամ 5.1 տոկոսով, առանձնապէս ծանր յանցագործութիւնները՝ 286ով կամ 78.1 տոկոսով:
«Այս տուեալները, սակայն, համադրելի չեն 2016ի հետ, որովհետեւ նախորդ տարուան նոյնանման դէպքերը մեծ մասամբ պայմանաւորուած եղած են ապրիլեան քառօրեայ պատերազմի օրերուն եւ յաջորդող ժամանակահատուածին, հակառակորդին կողմէ կատարուած յանցագործութիւններով», կ՛ըսուի այս մասին տարածուած հաղորդագրութեան մէջ:
2017ին արձանագրուած 80 առանձնապէս ծանր յանցագործութեան դէպքերէն 21ը եղած է հակառակորդին կողմէ կատարուած սպանութիւն, 3ը՝ զինծառայողներու կողմէ կատարուած սպանութիւն, 53ը՝ հակառակորդին կողմէ կատարուած սպանութեան փորձ, 1ը՝ համածառայակիցի կողմէ կատարուած սպանութեան փորձ, 1ը՝ զէնք-զինամթերքի առանձնապէս մեծ չափերու յափշտակութիւն:
Զինուած ուժերուն մէջ յանցագործութիւններու բացայայտման ցուցանիշը 97.8 տոկոս է՝ 2016ի 98.2 տոկոսին դիմաց:
Զգալիօրէն աւելցած են կաշառակերութեան յանցագործութիւններու բացայայտման դէպքերը: 2017ին արձանագրուած է նման 116 դէպք, 59ով կամ գրեթէ 100 տոկոսով առաւել քան 2016ի արդիւնքները: 36 քրէական գործ՝ 72 անձի վերաբերեալ մեղադրական եզրակացութեամբ, ուղարկուած է դատարան: