ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ, «Նիուզ».- Փետրուար 6էն 7ը, Պաշտպանութեան բանակին մէջ իրականացուած են մարտական պատրաստականութեան յանկարծակի ստուգումներ, որոնց Արցախի պաշտպանութեան բանակի (ՊԲ) հրամանատար զօրավար Լեւոն Մնացականեանի ղեկավարութեամբ ներգրաւուած են ՊԲի միաւորումներու եւ շարք մը զօրամասերու վարչակազմերը, ղեկավարման եւ ապահովման մարմինները: Հայկական երկու հանրապետութիւններու ռազմական համագործակցութեան, գործողութիւններու համադրման եւ փորձառութեան փոխանակման ծրագիրին համաձայն՝ համաբանակային նշանակութեան գործընթացներուն կը հետեւէին նաեւ Հայաստանի զինուած ուժերու բարձրաստիճան հրամանատարական կազմի ներկայացուցիչները՝ գլխաւոր շտաբի պետ, զօրավար-գնդապետ Մովսէս Յակոբեանի ղեկավարութեամբ:
Ստուգումներուն ընդգրկուած բոլոր կառոյցներն ու ստորաբաժանումները բերուած են «բարձր» աստիճաններու մարտական պատրաստականութեան վիճակի եւ անցած են առաջադրուած խնդիրներու կատարման:
Մարզումներուն ընթացքին, ըստ պայմանականօրէն զարգացող մարտական իրադրութեան պահանջներուն, առանձին ուսումնամարտական առաջադրանքներ կատարած են նաեւ մասնակից զօրամասերու տարբեր ստորաբաժանումներ: Վերադաս հրամանատարութիւնը ունկնդրած է ներկայացուող զեկոյցները, հետեւած է իրականացուող գործընթացներու համապատասխանութեան ներկայացուող պահանջներուն, ընթացքին նաեւ ուղղութիւններ տալով եւ որոշ սրբագրումներ կատարելով իրականացուող աշխատանքներուն մէջ:
Մասնակից բոլոր օղակի հրամանատարները, միաւորումները, զօրամասերն ու ղեկավարման մարմինները դրսեւորած են մարտական պատրաստուածութեան պատշաճ մակարդակ: Անոնց շնորհիւ կատարելագործուած է բանակի ղեկավարման համակարգը, զօրատեսակներու եւ զօրամասերու ներդաշնակութեան մակարդակը, մարտական պատրաստուածութեան «բարձր» աստիճաններու հասնելու ունակութիւնները:
Ստուգումներու արդիւնքները ամփոփելու ընթացքին Արցախի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարարն ու Հայաստանի Զինուած ուժերու գլխաւոր շտաբի պետը բարձր գնահատած են իրականացած մարտական պատրաստուածութեան միջոցառումները եւ հաստատած, որ ՊԲը ունակ է ժամանակին եւ համարժէք կերպով արձագանգելու արագ ընթացող մարտավարական իրադրութեան զարգացումներուն եւ ըստ այդմ արդիւնաւէտօրէն հակազդելու հակառակորդի հաւանական գործողութիւններուն: