ՖՐԵԶՆՕ.- Հայագիտական ուսմանց ընկերակցութիւնը կը հաղորդէ, թէ ընտրած է 2016ին տեղի ունեցած գիտաժողովներու ընթացքին ներկայացուած եւ հայագիտական նիւթերու առնչուող երկու լաւագոյն ուսումնասիրութիւնները, որոնք են՝ Ճենըֆըր Մանուկեանի եւ Փիրուզա Հայրապետեանի աշխատասիրութիւնները։
Մանուկեանի ուսումնասիրութիւնը գրադատութիւն մըն է Զապէլ Եսայեան «Սիլիհտարի Պարտէզները»ի անգլերէն թարգմանութեան, նկատի ունենալով յատկապէս անոր մէջ գործածուած խօսակցական արեւմտահայերէնի փոխանցման հարցերը, իսկ Հայրապետեանի ուսումնասիրութիւնը կ՛առնչուի եկեղեցական շարականներու։
Ընկերակցութիւնը մրցանակակիրներուն նուիրած է 500ական տոլար։
Հայագիտական ուսմանց ընկերակցութեան մասին յաւելեալ տեղեկութեանց համար, այցելել societyforarmenianstudies.com կայքը։