ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ.- Նախագահ Բակօ Սահակեան Փետրուար 9ին ընդունեց Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահի թեկնածու Արմէն Սարգսեանը: Առանձնազրոյցէն ետք հանդիպումը շարունակուեցաւ ընդլայնուած կազմով: Քննարկուեցաւ պետականաշինութեան, հայկական երկու պետութիւններու համագործակցութեան, Հայաստան-Արցախ-Սփիւռք եռամիասնութեան ամրապնդման, ներքին ու արտաքին քաղաքականութեան եւ տարածաշրջանային գործընթացներուն վերաբերող հարցերու լայն շրջանակ մը:
Նախագահ Սահակեան կարեւոր նկատեց Արմէն Սարգսեանի Արցախ այցելութիւնը եւ նախատեսուած հանդիպումները՝ ընդգծելով, որ այդ կ՛արտացոլէ Արցախի կարեւոր տեղն ու դերը հայոց պետականութեան եւ հայ ժողովուրդին համար: Հանդիպման կը մասնակցէին Հայ Առաքելական եկեղեցւոյ Արցախի թեմի առաջնորդ Պարգեւ արք. Մարտիրոսեան, Ազգային ժողովի նախագահ Աշոտ Ղուլեան, պետական նախարար Արայիկ Յարութիւնեան եւ պաշտօնատար այլ անձեր: