Պատրաստեց՝ ԳՈՀԱՐ ՅԱԿՈԲԵԱՆ
Հնդկաստանի մէջ գործող «Տը Նիուզ Մինիթ» (TheNewsMinut) կայքը անդրադարձած է երկրի հարաւային մասը գտնուող Չեննայի քաղաքին, ուր կ՛ապրին միայն 6 հայեր, որոնցմէ չորսը՝ իրենց ընտանիքներով:
Ըստ լրատուամիջոցին՝ տեղւոյն հայերը կը փափաքին վերականգնել համայնքը՝ համախմբուելով հայկական եկեղեցւոյ շուրջ, որուն զանգերը կրկին սկսած են հնչել:
«Տը Նիուզ Մինիթ»ը կը գրէ, որ հայերը աւանդաբար հարուստ առեւտրականներ եղած են եւ արտօնութիւններ ունեցած Հնդկաստանի մէջ, եւ այս բոլորին հետքը տակաւին կը պահպանուի Մատրասի, Կալկաթայի եւ Պոմպէյի մէջ, նաեւ հայերու փառահեղ անցեալին մասին կը յուշեն Չեննայի հայկական եկեղեցին ու հայկական փողոցը:
Չեննայիի վերջին հայը՝ Մայքըլ Ստեֆան, 2004ին տեղափոխուած է Պենկալոր, ուր կ՛աշխատի իբրեւ հաստատութիւններու կառավարման աւագ տնօրէն: Ան կ՛ըսէ, որ ի տարբերութիւն Կալկաթայի՝ Պենկալորի մէջ հայկական եկեղեցի չկայ, ուրեմն, ստիպուած կ՛այցելէին կաթոլիկ եկեղեցիներ:
Նշենք, որ Ս. Աստուածածին եկեղեցին կառուցուած է 1712ին, ապա աւերուած ու կրկին վերականգնած է 1772ին:
Վերոնշեալ վեց հայերէն մէկը Չեննայի փոխադրուած Աշխէնն է, որ ռուսերէն կը դասաւանդէ, Մատրասի հայկական եկեղեցին կը համարէ փոքրիկ Հայաստան: Աշխէնին Հնդկաստան բերած է սէրը: