«Թրոյքա Տայալոկ» ներդրումային ընկերութեան նախկին սեփականատէր Ռուբէն Վարդանեան եւ անոր գործընկերը՝ RD Group ընկերութեան հիմնադիր Գագիկ Ադիբեկեան, որոշած են իրենց մէջ բաժանել համատեղ առեւտրական ընկերութիւնը, կը տեղեկացնէ «Վետոմոսթ»ը՝ վկայակոչելով գործարարները շրջապատող աղբիւրները եւ անոնց հետ աշխատած խորհրդատուները:
Վարդանեան եւ Ադիբեկեան Avica Management Company ընկերութեան կողմէ կառավարուող ֆոնտերու համաներդրողներն են: Ընկերութեան բաժնետոմսերու ընդհանուր արժէքը կը կազմէ առաւել քան 1 միլիառ տոլար: Նշեալ ընկերութեան մաս կը կազմեն Կուտուզով պողոտային վրայ գտնուող «Վրեմենա Կոտայ» առեւտուրի կեդրոնը, «Տրիմ Հաուս» առեւտուրի կեդրոնը՝ Ռուպլեովկայի մէջ, Մոսկուայի կեդրոնը գտնուող «Ռոմանով Տվոր« գործարար թաղամասը, մասնաբաժինը «Վոզտվիժենկա» բիզնես կենդրոնը եւ այլն։
Ըստ «Վետոմոս»չի՝ բանակցութիւններու երկու կողմերուն մօտիկ աղբիւրներ կը տեղեկացնեն, թէ գործընկերներուն միջեւ գոյքի բաժանումը տակաւին չէ աւարտած, սակայն այս փուլին, կ՛ենթադրուի, որ Ադիբեկեանի RD Group-ը պիտի ստանայ Avica-ի ֆոնտերուն բոլոր առեւտրական կալուածները: Բացի «Տրիմ Հաուս» եւ «Վրեմենա Կոտա» առեւտուրի կեդրոններէն, անոնք կը նշեն նաեւ «Օպի Պորովսկոյէ» (Մոսկուա) եւ «Օպի Պորովսկոյէ» (Ս. Պետերբուրգ) գեր-սուփըրմարքեթները: Ըստ «Վետոմոսթ»ի՝ Վարդանեանին կը փոխանցուի «Ռոմանով Տուոր»ը եւ «Վոզտվիժենկա» պիզնես կեդրոնի մասնաբաժինը: