Իրան-Հայաստան երրորդ ելեկտրահաղորդման գիծը մօտ ապագային շահագործման պիտի յանձնուի: Երեւանի պետական համալսարանին մէջ լրագրողներու հետ իր ունեցած ճեպազրոյցին ընթացքին այս մասին յայտնեց Հայաստանի մօտ Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Սէյետ Քազեմ Սաճատի:
Պայմանաւորուածութեան համաձայն, Իրան արտածուելիք ելեկտրականութեան դիմաց Հայաստան կազ պիտի ստանայ:
Դեսպանը նշեց նաեւ, որ Իրան պատրաստ է յարմար գիներով կազ վաճառելու Հայաստանի Հանրապետութեան: «Մենք այս հարցը կը քննարկենք, եւ ես կը յուսամ, որ այս հարցով յառաջընթացը շուտով կը տեսնէք: Եթէ Հայաստանը ուժանիւթի ոլորտին մէջ քիչ մը աշխուժանայ, կը կարծեմ, որ շատ մեծ քայլեր պիտի ձեռնարկուին, եւ ատիկա պիտի նպաստէ, որ Հայաստանի մէջ աշխատատեղեր ստեղծուին», ըսաւ Սաճատի:
ԻրանՀայաստան 400 ք.ուաթ երրորդ ելեկտրահաղորդման գիծի եւ «Նորաւան» ենթակայանի կառուցումը հնարաւորութիւն պիտի տայ երկու երկիրներու ելեկտրահամակարգերուն միջեւ ելեկտրականութեան փոխանակման հզօրութիւնը 350 մ.ուաթէն հասցնել մինչեւ 1000 մ.ուաթի եւ պիտի բարձրացնէ Հայաստանի ուժանիւթի համակարգի հարաւային եւ կեդրոնական հատուածներու կապի յուսալիութիւնը, երկու երկիրներու ուժանիւթի համակարգերու զուգահեռ աշխատանքի յուսալիութիւնը եւ Հայաստանի ուժանիւթի անվտանգութեան մակարդակը: